ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ

Երիտասարդներու զուարճութիւնը որքա՜ն վառ դրուագ մը կը ցոլացնէ. խանդավառութիւն, ուրախութիւն, բարձր տրամադրութիւն... Ամէն ինչ աշխարհի վրայ ունի իր հակառակը։ Հակադիր, իրերամերժ երեւոյթները մէջ մէջի են։ Սեւն ու ճերմակը միահիւսուած են։ Թէեւ առաջին հերթին սա մտածել կու տայ կեանքի հակասութիւններուն մասին, սակայն, յաճախ երեւոյթները կ՚իմաստաւորուին իրենց հակապատկերով։ Զուարճութեան քով կայ տխրութիւն, հարստութեան կողքին կայ աղքատութիւն, կարելի՞ է երիտասարդութենէն տարանջատել ծերութիւնը։ Յաղթանակի բերկրանքը ինչպէ՞ս ըմբռնել՝ առանց պարտութեան դառնութիւնը ճաշակած ըլլալու։ Ընդելուզուած են բոլորը եւ օրինակներու շարքը կարելի է երկարել, բայց, իւրաքանչիւրը հերթական անգամ կու գայ վերահաստատել, թէ կեանքի մէջ ամէն ինչ ժամանակաւոր է, անցաւոր։ Մարդուն համար մնայուն է խաղաղութեան, անդորրութեան, համակեցութեան, եղբայրութեան ու բարեկեցութեան ձգտումը։ Թէեւ ամէն ինչ անցաւոր է ու այս ձգտումները մշտական, սակայն, բոլոր անցաւորներու հետ առերեսուելով հանդերձ, մարդկութիւնը չի յաջողիր հասնիլ միւս՝ մշտական ձգտումներուն։

Թող ոչ ոք երիտասարդներու զուարճանքը համեմատէ. օրինակ՝ աշխարհի գաղթականներու թշուառութեան սրտաճմլիկ դրուագներուն հետ։ Երիտասարդներու ոգեւորութիւնը մեծագոյն ըմբոստութիւնն է այդ «մշտական» ձգտումներու անժամանակ յետաձգումին դէմ։ Երիտասարդներու խանդավառութիւնը լաւագոյն պատասխանն է առկախուած դրական համամարդկային նպատակներու դէմ համատարած անտարբերութեան։ Առանց բարձր տրամադրութեան կարելի չէ ընթանալ նպատակասլաց։ Երիտասարդի եռանդը, նոյնիսկ եթէ երաշխիք մը չըլլայ, ապա անոր դրսեւորումը յոյս կը փայփայէ՝ խաղաղութեան, անդորրութեան, համակեցութեան, եղբայրութեան ու բարեկեցութեան համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021