ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովը այս առաւօտ ձեռնարկեց կառավարութեան 2021-2026 թուականներու գործունէութեան ծրագրի քննարկման։ Խորհրդարանի ժողովի ընթացքին ծրագիրը ներկայացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ամպիոնէն պատգամաւորներուն խօսք ուղղելով ըսաւ. «2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ծանր հետեւանքները, պատերազմի ընթացքին մեր ունեցած զոհերը, 243 զինուորի գտնուած վայրի յայտնի չըլլալու հանգամանքը, գերեվարուած զինուորներու մեծ մասի վերադարձած չըլլալու փաստը, հազարաւոր տեղահանուածներ, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած արտասովոր եւ բարդ ընկերատնտեսական իրավիճակը, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային մարտահրաւէրները, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ապօրինաբար Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք ներխուժման հետեւանքով Սոթք-Խոզնավար հատուածի ճգնաժամային իրավիճակը, 9 նոյեմբեր 2020 թուականէն յետոյ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ եռակողմանի յայտարարութեան պարբերական խախտումները եւ այս պատճառով նոր զոհերու առկայութիւնը, միջազգային լարուած դրութիւնը, քորոնաժահրի շարունակուող համավարակը արտառոց կը դարձնեն այն միջավայրը, ուր պիտի քննարկենք կառավարութեան ծրագիրը»։ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն ընդգծեց նաեւ, որ վերջին արտահերթ ընտրութիւններով ներքին քաղաքական տագնապը յաղթահարուած է Հայաստանի մէջ։

Մինչ այս առաւօտեան ելոյթին ժամանակ վարչապետը յատկապէս ընդգծեց Հայաստանի եւ Արցախի պարագային յառաջացած անվտանգային մարտահրաւէրները՝ վերջին օրերուն Երեւանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Լին Թրէյսին ալ ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ քանի մը օր առաջ «Արմէնփրէս»ին կատարուած էր յայտարարութիւն մը, որուն յաջորդեցին դեսպանին խօսքերը՝ միշտ նոյն գործակալութեան։ Այսպէս, դեսպան Թրէյսի դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի հետեւանքները յաղթահարուած չեն, իսկ հակամարտութիւնն ալ կարգաւորուած չէ, որովհետեւ տակաւին լուծուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։

«Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ մենք պիտի աշխատինք ձգտելով իրավիճակի լիցքաթափման, դէպքերու դադրեցման, որպէսզի հիմնաւոր ըլլայ մնացեալ հարցերու դիտարկումը՝ պատերազմի հետեւանքներու եւ միւս խնդիրներու վերջնական կարգաւորումը», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը, որ անդրադարձաւ նաեւ անվտանգութեան եւ սահմանային դէպքերուն։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի իրավիճակը լիցքաթափուի եւ բռնութիւնները հնարաւորինս արագ վերջ գտնեն։

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջերս ամերիկացի դեսպանը զանազան առիթներով այցելած էր նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի այն հատուածները, ուր կը պատահին բախումներ։

Կառավարութեան ծրագրի բանաձեւումներուն զուգահեռ՝ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ շեշտեց, որ տարածքաշրջանէ ներս նախատեսուած ապաշրջափակման գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային, կենսական շահերու հաշուոյն։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստան Ատրպէյճանի տարածքով ճանապարհ պէտք է ունենայ դէպի Ռուսաստան եւ Իրան եւ փոխադարձաբար Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքով ճանապարհ պէտք է ունենայ դէպի Նախիջեւան եւ Արեւմուտք։ Իր խօսքով՝ հաղորդակցութիւններու բացումը որոշ ռիսքեր կը ներկայացնէ Հայաստանի շահերուն տեսակէտէ եւ այս պատճառով կառավարութեան ծրագրին մէջ նշուած է, որ ապաշրջափակումը պէտք է ըլլայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին։ Վարչապետը համոզուած է, թէ տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը երկարատեւ ռազմավարութիւն մըն է, իսկ հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու խորացումը արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ։ «Թշնամութեան խորացումը սպառնալիք է տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան դէմ, թշնամութեան յաղթահարումը կրնայ դառնալ տարածքաշրջանային արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առանցքը», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021