ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները ցարդ չորս անգամ տեսակցած են եւ մշտական խաղաղութեան համար փոխադարձ վստահութեան ուղղեալ քայլեր առնուած են։ Չավուշօղլու երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացի մասին։ «Haber Global»ի վրայ մասնակցած ծրագրի մը ընթացքին ան յայտարարեց. «Եթէ Հայաստան տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն կ՚ուզէ, ապա պէտք է հնազանդի իր իսկ կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրներուն՝ ներառեալ Ռուսաստանի մասնակցութեամբ ստորագրուած եռակողմանի համաձայնագիրը։ Ըստ այդ համաձայնութեան, տարածաշրջանէն ներս, Լաչինի միջանցքին երբ Ռուսաստանի խաղաղարար զօրքը մուտք պիտի գործէր, ապա Հայաստանի զօրքերը ամբողջութեամբ ետ պիտի քաշուէին։ Սակայն, այնտեղ տակաւին հայ զինուորները կը մնան՝ հակառակ որ երկու տարի անցած է», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի ետ քաշուելուն ժամանակ բնակավայրերը հրոյ ճարակ կը դարձուին եւ այս երեւոյթէն պէտք է դաս քաղել։ Չավուշօղլու աւելցուց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս գործընթացէն ներս խաղաղութեան կը ձգտին եւ այստեղ անկեղծութեան ուղղութեամբ որեւէ կասկած չկայ։ Չավուշօղլուի խօսքով՝ Հայաստան պէտք չէ թաքնուի այն պատրուակներու ետին, թէ սփիւռքը ճնշում կը բանեցնէ կամ երկրէն ներս ծայրայեղականներ գոյութիւն ունին։ «Անոնց ետեւը թող չթաքնուին։ Փաշինեան ունի ամուր զօրակցութիւն։ Եկէք, Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան ու համագործակցութեան տարածաշրջանի մը վերածենք։ Թող ամէն մարդ շահի՝ ամենէն շատ ալ Հայաստանը շահի», ըսաւ ան։
Մինչ այդ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ անոնք արժեւորած են տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախարարները շօշափած են Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմավարական դաշինքի օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Միւս կողմէ, երէկ Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հաղորդակցութեան նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլուի, Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Լեւան Տավիթաշվիլիի եւ Ատրպէյճանի Թուային զարգացման ու փոխադրութեան նախարար Ռեշատ Նապիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Այս տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Միջին միջանցքի լայն օգտագործման եւ այս միջանցքով անցնող Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս կենսական նշանակութեամբ երկաթուղիի տարողութեան մեծացման վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, նախարարները անդրադարձան Փոթիի եւ Պաթումի նաւահանգիստներու, նաեւ Ալեաթի նաւահանգիստի միջեւ պլոք գնացքներու բացման, չուացուցակներու ներդաշնակեցման եւ միասնական սակագիներու սահմանման վերաբերեալ հարցերու։