ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը վեր­ջերս «Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեան» մե­տայ­լը շնոր­հեց յայտ­նի գրող ու մտա­ւո­րա­կան Սե­ւան Նշա­նեա­նին, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի ա­նա­զա­տու­թեան մէջ։ Տասն­վեց տա­րուան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տուած է Սե­ւան Նշա­նեան, ո­րու կա­լա­նա­վայ­րէն ներս կար­գա­վի­ճա­կը վեց ան­գամ են­թար­կուած է փո­փո­խու­թեան։ Յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ իր հեր­թա­կան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Սե­ւան Նշա­նեան թէ՛ իր սուր կար­ծիք­նե­րով եւ թէ ա­նոնց ստեղ­ծած ար­ձա­գան­գով, նաեւ բնա­պահ­պա­նու­թեան ուղ­ղեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով միշտ օ­րա­կար­գը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղե­ցու­ցած մտա­ւո­րա­կան դէմք մը ե­ղած է։

Ներ­կա­յիս, երբ ան կը գտնուի ա­նա­զա­տու­թեան մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց զին­քը պար­գե­ւատ­րել։ Այդ պար­գե­ւը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յանձ­նուե­ցաւ՝ Կա­լա­թա­սա­րա­յի «Ճե­զաիր» հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կով։ Պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ «Ա­զա­տու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն Սե­ւան Նշա­նեա­նին» մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այդ կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րէն մին է լրագ­րող Հրանդ Գաս­պա­րեան, որ ե­րէ­կուան ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ ստանձ­նած էր լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։ Ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ ան ստանձ­նեց նաեւ հան­դի­սա­վա­րի պաշ­տօ­նը։ Մե­տայ­լը յանձ­նե­լու հա­մար Ե­րե­ւա­նէն Իս­թան­պուլ փու­թա­ցած էր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն Ա­րա­գած Ա­խո­յեան։

Ներ­կայ էին ՃՀՓ­-ի փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու, Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, «Ա­նա­տո­լու Քիւլ­թիւր»ի ղե­կա­վար Օս­ման Քա­վա­լա եւ այլ հիւ­րեր։

Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Սե­լի­նա Տո­ղան, Ան­գա­րա­յի Կար­ծի­քի ա­զա­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեան կող­մէ Մահ­մուտ Քո­նուք եւ Սե­ւան Նշա­նեա­նի փաս­տա­բա­նը՝ Էր­կին Ճին­մեն։ Ցու­ցադ­րուե­ցաւ տե­սագ­րու­թիւն մը, ո­րով Սե­ւան Նշա­նեա­նի մայ­րը՝ Սօ­նա Նշա­նեան Գա­նա­տա­յէն իր շնոր­հա­կա­լու­թեան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց հան­դի­սա­տես­նե­րուն։ Ա­ւե­լի վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցան նաեւ շարք մը զօ­րակ­ցու­թեան պատ­գամ­ներ՝ ի նպաստ բան­տար­կեալ մտա­ւո­րա­կա­նին։

Ա­րա­գած Ա­խո­յեան մե­տայլն ու վկա­յա­կա­նը յանձ­նեց Սե­ւան Նշա­նեա­նի փաս­տա­բան Էր­կին Ճին­մե­նի։ Այս առ­թիւ ան եւս հան­դէս ե­կաւ խօս­քով մը։

Յայ­տագ­րի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին մէջ ցու­ցադ­րուե­ցաւ «Քան­դե­լի գիւղ» խո­րագ­րեալ տե­սո­ղա­կան մը, ո­րու նիւ­թը կը վե­րա­բե­րէր Սե­ւան Նշա­նեա­նի հետ նոյ­նա­ցած Շի­րին­ճէ գիւ­ղին։

Ձեռ­նար­կին յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ՝ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լով Սե­ւան Նշա­նեա­նի վի­ճա­կին շուրջ։ Ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցուե­ցաւ հայ­կա­կան քո­նիաք։

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016