ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն շրջագծով։ Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ Նալպանտեանի խօսքին կորիզը կազմեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
«Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը խաղաղ իրականացնելու ձգտման ռազմական արձագանգը միայն կ՚ապացուցանէ նման ձգտումներու իրաւացիութիւնը եւ նախայարձակը կը զրկէ տուեալ ժողովուրդին վրայ իշխելու նկրտումներէն։ Ինչպէս իրաւացիօրէն կը նշէ ՄԱԿ-ի՝ ժողովրդավարական եւ միջազգային արդար աշխարհակարգի աջակցման հարցերով փորձագէտը՝ ինքնորոշման իրաւունքը որպէս հակամարտութեան աղբիւր ընկալելու փոխարէն, աւելի ճիշդ է զինեալ հակամարտութիւնը դիտարկել որպէս ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարման հետեւանք։
«Ատրպէյճան յամառօրէն կը հրաժարի ճանչնալէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ազգային զտումներու եւ սանձազերծուած բռնութեան հետեւեանքով 1980-ականներու վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբին հայերը ջարդերու ենթարկուեցան եւ արտաքսուեցան իրենց բնակավայրերէն։ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Անտրէյ Սախարով սա որակեց որպէս հայ ժողովուրդի դէմ նոր ցեղասպանութեան վտանգ։
«Այս տարի եւս, Ապրիլի սկիզբին Ատրպէյճան, կոպտօրէն խախտելով հրադադարի համաձայնագիրը, նոր լայնածաւալ բռնութիւն սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ՝ առանց խտրականութեան թիրախաւորելով քաղաքացիական կառոյցները եւ բնակչութիւնը։ Զոհերու շարքին էին 12-ամեայ տղայ մը, 92-ամեայ կին մը։ Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ուժերու երեք զինուորներ ԻՇԻՊ-ի բնորոշ ոճով գլխատուած էին, ապա ցուցադրուած Ատրպէյճանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, հրապարակուած ընկերային ցանցերուն վրայ։ Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի ղեկավարը հրապարակայնօրէն պարգեւատրեց այդ յանցագործութիւնները կատարողները։ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զոհերու մարմիններու փոխանակման ժամանակ արձանագրուեցաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ յանձնուած հայ զինուորներու մարմիններուն վրայ առկայ էին կտտանքներու եւ խոշտանգումներու անհերքելի նշաններ։ Նման զարհուրելի ոճրագործութիւնները հեռու են քաղաքակիրթ աշխարհի տարրական չափանիշներէն եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներ կը հանդիսանան։
«Ապրիլի բռնութիւնը լուրջ վնաս հասցուցած է խաղաղ գործընթացին։ Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հանդէպ վստահութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ է ձեռնարկել միջոցներու, որոնք պիտի կանխեն ուժի կիրառումը եւ խաղաղ գործընթացի յառաջ մղուելուն տեսակէտէ նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծեն։ Սա էր Մայիսին Վիեննայի մէջ եւ Յունիսին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն գլխաւոր նպատակը։ Նախ եւ առաջ, հրամայական է այս գագաթաժողովներու ընթացքին արձանագրուած ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացումը։ Առաջին՝ 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի, անժամկէտ համաձայնագրերու լիակատար իրականացում։ Երկրորդ՝ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան ստեղծում եւ երրորդ՝ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենակի կարողութիւններու ընդլայնում։ Ի հեճուկս այս բոլորին, Արցախի ժողովուրդը յաջողած է ինքնապաշտպանուիլ եւ ստեղծել ազատ ու ժողովրդավարական հասարակութիւն։
«Միջնորդ պետութիւններու՝ Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի հետ համատեղ Հայաստան պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։
«Եռանախագահները հռչակած են հիմնախնդրի հանգուցալուծման քաղաքակիրթ բանաձեւ մը՝ քուէաթերթիկներ փամփուշտներու փոխարէն։ Համանախագահ երկիրներու նախագահներուն կողմէ ներկայացուած առաջարկը կ՚ամրագրէ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական ապագայ կարգավիճակի որոշումը՝ անոր բնակչութեան իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամքի արտայայտման միջոցաւ։ Անոնք, որոնք միջնադարեան բարբարոսութեան մտածելակերպով կ՚առաջնորդուին, հազիւ թէ կարենան ընդունիլ ժամանակակից աշխարհի քաղաքակիրթ մօտեցումները՝ ինչ որ դրսեւորուեցաւ Ապրիլին»։
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ընթացքին Եդուարդ Նալպանեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ենթարկուած շրջափակման շուրջ։
Միւս կողմէ, Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վելիտ Մուալլիմի հետ։