ԱՆԱՆՏԵՍԵԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններ։ Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղաւ 43.65 առ հարիւր։ Այսինքն, ընտրողներու նոյնիսկ կէսը քուէատուփի մօտ չփութաց։ Յամենայնդէպս, Հայկ Մարութեան ընտրըուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ։ Ան ստացաւ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։ Իր տարած յաղթանակը յատկանշական եղաւ նաեւ Հայաստանի նոր ղեկավարութեան վայելած ժողովրդականութեան առումով։

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք՝ նոր Հայաստանի առաջին ընտրական փորձը տեղի ունեցաւ կիրակի, սեպտեմբեր 23-ին՝ Երեւանի աւագանիի արտակարգ ընտրութիւններով: Երեւանի 475 ընտրական տեղամասերը բաց էին առաւօտեան ժամը 8-էն իրիկուան 8-ը:

Ըստ Ոստիկանութեան նախապէս հրապարակած ցանկերուն՝ 844.343 ընտրող քուէարկելու իրաւունք ունէր: Սակայն կիրակի գիշեր հրապարակուած նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ մասնակցութեան տոկոսը ակնկալուածէն շատ աւելի ցած էր՝ միայն 43.65 առ հարիւր տոկոս, նոյնիսկ եթէ որոշ յաւելում մը արձանագրուած էր բաղդատմամբ նախորդ ընտրութիւններուն: Այլ խօսքով՝ քուէարկութեան մասնակցած է 370 հազար 323 քաղաքացի: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:

«Կը փափաքիմ նշել, որ ասոնք տակաւին նախնական տուեալներն են, որոնք ստաց-ւած են տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէ ելեկտրոնային եղանակով։ Կէս գիշերին կը սկսի քուէարկութեան արդիւնքներու աղիւսակաւորումը։ Երբ արդիւնքները ստացուին՝ զանոնք կէս գիշերին կը սկսին հրապարակուիլ տեղամաս առ տեղամաս։ Արդիւնքներու վերաբերեալ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ներկայացուին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ։ Տեղեկութիւնները պարբերաբար կը թարմացուին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքէջին վրայ», ըսած է Մուկուչեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ ի տարբերութիւն Երեւանի աւագանիի նախորդ ընտրութիւններուն, այս անգամ մասնակցողներու թիւը 25 հազար 97 աւելի եղած է: Երեւանի աւագանիի նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցութեան տոկոսը կազմած էր 40.99 առ հարիւր տոկոս, այսինքն՝ քուէարկած էր 345.226 քաղաքացի:

Ինչպէս Մուկուչեան ալ ըսած էր, առաջին արդիւնքները պարբերաբար սկսան հասնիլ կէս գիշերէն ետք՝ ԿԸՅ-ի կայքէջին վրայ. անոնք բացառապէս կը յայտարարուէին առցանց:

Վերջնական բնոյթ չունենալով հանդերձ՝ 475-ի վրայ 423 տեղամասի արդիւնքներու մշակումով կը ստացուէր քիչ թէ շատ ընդհանուր պատկեր մը, որ կու տար հետեւեալը.-

Քուէարկութիւնը ընդհանուր առմամբ՝ բաւական հանդարտ մթնոլորտի մէջ ընթացած է: Յատուկ միջադէպեր չեն արձանագրուած: Բայց, դժբախտաբար եւ անխուսափելիօրէն եղած են խարդախութեան 
փորձեր
 եւ անոնց
առընչուող բազմաթիւ ահազանգներ: Այսպէս, ԿԸՅ-ի յատուկ գիծը ստացած է աւելի քան 100 ահազանգ, Մարդկային իրաւանց պաշտպանին գրասենեակը՝ 46, Քննչական կոմիտէն՝ 25, Ոստիկանութիւնը՝ 84, Երեւանի դատախազութիւնը՝ 129 եւ այլն:

Նշենք, որ այս ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած էին 600-է աւելի լրագրողներ եւ 662 տեղացի դէտեր ալ կը հսկէին քուէարկութեան ընթացքին:

Աւագանիի 987 թեկնածուներէն 360-ը կիներ էին:

Եզրափակելու համար նշենք, որ «Լոյս» դաշինքի ցանկը գլխաւորող՝ Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան «Իմ քայլը» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեանը առաջին շնորհաւորողներէն եղած է:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018