ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄ

Արեւելեան Միջերկրականի լարուածութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Եւրոմիութեան յաջորդ շաբթուան յետաձգուած գագաթաժողովին ընդառաջ Անգարա դիւանագիտական գետնի վրայ հանդէս կու գայ մեծ աշխուժութեամբ։ Թուրքիա կը ջանայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ իր տեսակէտները ընկալելի դարձնել շահագրգիռ միջազգային դերակատարներուն համար։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն, այս ամբողջին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ունեցաւ երկու կարեւոր հեռախօսազրոյց։ Այսպէս, ան կապուեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Սթոլթենպերկ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները, նաեւ արժեւորուեցան Թուրքիա-ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա արեւելեան Միջերկրականի պարագային կողմնակից է լարուածութեան յաղթահարման եւ երկխօսութեան։ Անգարա այս դիրքորոշման հետամուտ է ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ՝ իր գործողութիւններով բաց ու յստակ ձեւով։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա աչալուրջ ու պաղարիւն դիրքորոշումէն չէ զիջած, հակառակ Յունաստանի գրգռութիւններուն եւ հրահրումներուն։ Նախագահը յիշեցուց, որ ներկայիս յայտարարուած է Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ճանաչողական բնոյթով տեսակցութիւններու վերսկսման մասին։ Այս կէտին վրայ իրադարձութիւններու շարունակութիւնը կախում պիտի ունենայ Յունաստանի կողմէ՝ մթնոլորտը մեղմացնելու առաջադրութեամբ առնուելիք անկեղծ քայլերէն։ Էրտողան բարձր գնահատեց Սթոլթենպերկի կողմէ՝ արեւելեան Միջերկրականի պարագային գործադրուած դրական ջանքերը։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա առաջին իսկ պահէն արեւելեան Միջերկրականի հարցերու պարագային զօրակցած է ՆԱԹՕ-ի՝ տարանջատման ուղղեալ գործընթացին եւ անկեղծօրէն ձգտած՝ համաձայնութեան մը հասնելու համար։ ՆԱԹՕ-ի տարանջատման ուղղեալ աշխատանքներուն տեսակէտէ՝ Թուրքիա համոզուած է, թէ համաձայնութիւնը շատ մօտ է։ Ըստ Էրտողանի, ՆԱԹՕ-է ներս զօրակցութիւնը շատ կարեւոր է եւ այս կապակցութեամբ դաշինքի եւ Թուրքիոյ միջեւ զօրակցութիւնն ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տարածքաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման առումով։

Իր կարգին, Սթոլթենպերկն ալ նշած է, որ Թուրքիա եւ Յունաստան արժէքաւոր դաշնակիցներ կը համարուին, իսկ ՆԱԹՕ երկխօսութեան հարթակ մըն է։

Էրտողանի եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հեռախօսազրոյցն ալ տեւեց շուրջ 40 վայրկեան։ Կողմերը քննարկեցին Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքը եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Էրտողան ընդգծեց, որ արեւելեան Միջերկրականի խնդրի հիմքին կը գտնուին Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի առաւելապաշտ պնդումներն ու Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի թուրքերու իրաւունքներու անտեսումը։ Թուրքիա ի սկզբանէ երկխօսութեան կողմնակից եղած է խնդիրներու լուծման համար։ Անգարա հիմա ալ պատրաստ է Աթէնքի հետ ճանաչողական բնոյթով տեսակցութիւններու։ Էրտողան մաղթեց, թէ դիւանագիտական հնարաւորութիւնը անգամ մըն ալ չմսխուի՝ ինչպէս որ նախապէս Յունաստանի կողմէ եղած էր։

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն։ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն գոհունակութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ սկսելիք տեսակցութիւններուն կապակցութեամբ։ Տեսաժողովէն վերջ ան գրառումներ կատարեց նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը այս առթիւ արձանագրեց, որ Էրտողանի հետ շատ օգտակար կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններուն եւ գաղթի հարցերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Անգարա-Աթէնք բանակցութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ արեւելեան Միջերկրականի կայունութեան եւ ԵՄ-ի հետ շինիչ յարաբերութիւններու տեսակէտէ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն, որոնք յոյս կը ներշնչեն լարուածութեան յաղթահարման տեսակէտէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով գոհունակութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ նախատեսուած երկխօսութեան կապակցութեամբ։ Պետական քարտուղարութեան կողմէ ընդգծուեցաւ, որ այս գործընթացի նպատակն է լարուածութեան նուազեցումը։

ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՀԱՐԹԱԿ

Այս բոլորով հանդերձ, միջազգային գետնի վրայ յառաջ կը տարուին նաեւ զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք Միջերկրականի բնական կազի պաշարներու արժեւորման հորիզոններէն դուրս կը թողուն Թուրքիան։ Ներկայ տարեմուտին արեւելեան Միջերկրականի բնական կազի ֆորումը ստեղծուած էր Եգիպտոսի, Իսրայէլի, Յունաստանի, Յունական Կիպրոսի, Իտալիոյ եւ Յորդանանի մասնակցութեամբ։ Երէկ, Գահիրէի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ առցանց ստորագրման արարողութիւն մը, որով այս ֆորումը պաշտօնական կարգավիճակ մը ստացաւ։ Միջազգային եւ միջկառավարական բնոյթ մը ունեցաւ այդ մէկը։ Իսրայէլի Ուժանիւթի նախարար Եուվալ Սթայնից յայտնեց, որ Պաղեստինի ինքնավարութիւնն ալ ընդգրկուած է այս ֆորումին մէջ։ Սա կ՚ենթադրէ արաբական ու եւրոպական երկիրներու միջեւ պատմականօրէն աննախընթաց տարածքաշրջանային համագործակցութիւն մը։ Ըստ իրեն, Իսրայէլէն դէպի Յորդանան եւ Եգիպտոս՝ 30 միլիառ տոլար արժողութեամբ բնական կազի արտածման համար համաձայնագրերը ստորագրուած են։ «Սա միայն սկիզբ մըն է», ըսաւ ան։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Ֆրանսան ալ դիմում ներկայացուցած է այս ֆորումին անդամակցելու համար։ ԱՄՆ եւ Եւրոմիութիւնն ալ տեղեկացուցած են, որ կը փափաքին դիտորդի կարգավիճակ ունենալ։ Այս նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիոյ եւ տարածքաշրջանի երկիրներուն միջեւ յառաջացած է լարուածութիւն։ Արեւելեան Միջերկրականի բնական կազը ծովու յատակով Եւրոպայի հարաւը խողովակաշարներու միջոցաւ առաքել կը ծրագրուի այս նախաձեռնութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիան դուրս թողուած է՝ խողովակաշարը ստիպողաբար աւելի երկար պիտի ըլլայ եւ անոր կառուցման փոխարժէքի բարձրացումը ներկայիս ամենակարեւոր խոչընդոտներէն մին կը համարուի։

Անգարան ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն։ Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն նախընթաց օր այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկած էր։ Ան նշած էր, որ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ առկայ են կարգ մը տարաձայնութիւններ։ «Պարտադիր չէ, որ այդ բոլորը արգելք մը հանդիսանան ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան առջեւ», ըսած էր ան։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020