ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԳՈՐԾԵԼ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ

Երեւանի մէջ արդէն գործել սկսած է Չինաստանի նորակառոյց դեսպանատունը։ Սա ընդարձակ համալիր մըն է։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Չինաստանի նորակառոյց դեսպանատունը։ Այս ընդարձակ համալիրին կառուցումը Հայաստանի կողմէ կը դիտարկուի որպէս նոր խթան՝ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու ուղղութեամբ։

Երեւանի մօտ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլու Արմէն Սարգսեանը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ «Դուք մեր նոր դեսպանատան առաջին եւ ամենապատուաւոր հիւրն էք։ Մեզի համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել ձեզ», ըսաւ դեսպանը եւ կարեւորեց, որ Արմէն Սարգսեանի այցելութիւնը կը զուգադիպի Չինաստանի Ազգային տօնի նախօրեակին։ Նորակառոյց համալիրէն ներս կատարուած շրջայցէն վերջ նախագահը եւ դեսպանը ունեցան զրոյց մը։ Անոնք համագործակցութեան բազմաթիւ ուղղութիւններու շարքին առանձնացուցին բարձր փորձագիտութիւններու, անվտանգութեան ու գիւղատնտեսութեան բնագաւառները։ Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ Հայաստան եւ Չինաստան համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ ու մեծ ներուժ ունին։

Միւս կողմէ, դեսպան Էրլու երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020