ՏԱՐԵԿԻՑՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ԽԹԱՆ

Հայաստանի Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանի Քուէյթի վարժարանի սաներուն ուղղեալ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու մրցոյթի արդիւնքները ամփոփուեցան վերջին օրերուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարեկից աշակերտներու միջեւ կապերու սերտացման ուղղեալ հեռավար զրոյցներու շրջանակին մէջ կազմակերպուեցաւ բանաստեղծութիւններու այս մրցոյթը։

Արդիւնքներու ամփոփման զուգահեռ՝ Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին օրը Նունէ Սարգսեան «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքէջի աջակցութեամբ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի հայկական վարժարանի եւ «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս այդ մէկուն հետ քոյր դպրոց յայտարարուած՝ Երեւանի «Յակոբ Օշական» նախակրթարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու սաներուն հետ։

Նունէ Սարգսեան քաջալերեց երկու կրթօճախներու աշակերտները։ Որոշուեցաւ մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը կազմակերպել Երեւանի «Յակոբ Օշական» նախակրթարանէն ներս, երբ որ յարմար ըլլան պայմանները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2020