ԷՐՏՈՂԱՆ ՅԱՅՏՆԵՑ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն, աւարտելով իր բազմակողմանի շփումները վերադարձաւ Թուրքիա։ Նախագահ Էրտողան վերադարձի ճանապարհին, թռիչքի ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Օդանաւին մէջ ան յայտարարութիւններ ըրաւ օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ եւ այս ամբողջին մէջ հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն կը հասնին դրական պատգամներ։

Մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան Նիւ Եորքէ վերադարձի ճանապարհին անդրադարձաւ 29 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած ժամադրութեան։ Ըստ իրեն, այս երկկողմանի հանդիպումը իսկապէս մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Սոչիի մէջ պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւն նախատեսուած չէ։ Մի միայն առանձնազրոյց տեղի պիտի ունենայ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ։ Իտլիպի վերաբերեալ խնդիրները օրակարգի ամբողջին մէջ առանցքային նշանակութիւն պիտի ունենան, սակայն, Էրտողանի խօսքով՝ քննարկումները այդքանով սահմանափակուած պիտի չըլլան։ Թուրքիա-Ռուսաստան երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքն ու Սուրիոյ իրադրութիւնը ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին։ Էրտողան եւ Փութին պիտի քննարկեն, թէ Սուրիոյ մէջ ցարդ ո՛ւր հասած են եւ յառաջիկայ գործընթացով ո՛ւր հասնիլ պիտի ձգտին։ Առանձնազրոյցի ընթացքին կարեւոր որոշումներ պիտի առնուին նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, անոնք տարածքաշրջանէ ներս երկու կարեւոր երկիրներ են։

«Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ ցարդ որեւէ սխալ չենք տեսած։ Առեւտուրի ծաւալի առումով շատ լաւ կացութեան մը մէջ ենք եւ այդ ծաւալը շարունակ կը զարգանայ։ Սուրիոյ իրադարձութիւնները ա՛լ աւելի լաւ կէտի մը հասցնելու առումով ատեն-ատեն թէեւ կ՚ապրինք կարգ մը դժուարութիւններ, սակայն, թէ՛ ես, թէ՛ մեր պաշտպանութեան նախարարը եւ թէ մեր արտաքին գործոց նախարարը մեր քայլերով անմիջապէս կացութիւնը կը հաւասարակշռենք», ըսաւ Էրտողան եւ իր յայտարարութիւններուն մէջ դրուատեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի որակը՝ որպէս պետական գործիչ։

«Օրինակ՝ եթէ պարոն Փութին Ատրպէյճանի պարագային իր պետական մարդու որակը ամբողջութեամբ դրսեւորած չըլլար, ապա Ատրպէյճանի պարագային ելքը այս ձեւով չէր ըլլար։ Բայց, այդ բանը տեղին որոշումով մը դրսեւորած ըլլալուն համար Ատրպէյճանի մէջ շատ շատ դրական ելք մը ունենալու բախտին հասանք։ Այս պահու դրութեամբ Ատրպէյճանի մէջ խտացեալ աշխատանք մը կը շարունակուի։ Օրինակ՝ պարոն Իլհամ Ալիեւ ուզած պահուն անմիջապէս, դիւրութեամբ պարոն Փութինի հետ կը տեսակցի, կը խօսի։ Ես նմանապէս… Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին կապ հաստատելով մեր տեսակցութիւնները կը կարողանանք իրականացնել։ Անշուշտ, շատ աւելի կարեւորը՝ այս պահուն մեր առած քայլերով առաջ Աստուած Իգդիրէն դէպի Ատրպէյճան ճանապարհ մը պիտի կառուցենք՝ ներառեալ, երկաթուղի մը։ Այս ճանապարհին կառուցումը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր քայլ մը։ Մենք հինգերու կամ վեցերու հարթակ կոչուած բան մը ունինք։ Ներկայիս այս նիւթին շուրջ ալ Փաշինեանէն դրական ազդանշաններ կու գան։ Այժմ այս դրական ազդանշաններուն հետ միասին այս նիւթին շուրջ ալ կարգ մը քայլեր պիտի առնենք։ Այսինքն, առաջ Աստուած, տարածքաշրջանը խաղաղութեան առումով ալ լաւ վիճակի մը հասցնելու հնարաւորութեան պիտի հասնինք։ Ամսավերջին պարոն Փութինի հետ մեր կատարելիք տեսակցութեան ընթացքին այս բոլորը անշուշտ օրակարգի վրայ պիտի գտնուին։ Այսպէսով, առաջ Աստուած, Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ շատ աւելի ամուր, շատ աւելի տարբեր շրջան մը թեւակոխած պիտի ըլլանք», յայտնեց նախագահ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Սուրէն Պապիկեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Փաշինեանի եւ Էրտողանի միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած չէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021