«ԱՖԷԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆԵԱԼ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ

Ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեանի եւ ընտանիքին կողմէ հիմնադրուած համանուն՝ «Աֆէեան» հիմնադրամը ելմտական օժանդակութիւն տրամադրած է՝ Արցախէն տեղահանեալ ընտանիքներուն։ Աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու նպատակով լուծումներ ձեւաւորելու եւ զանոնք յառաջ մղելու առաքելութեամբ կը գործէ «Աֆէեան» հիմնադրամը, որ դրամաշնորհներ տուած է Հայաստանի շարք մը կազմակերպութիւններուն՝ ներառեալ ԻՒՆԻՍԷՖ-ը։ Արցախէն տեղահանուած աւելի քան հարզիւր հազար անձերուն աջակցելու համար նախապէս այս հիմնադրամը 2 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրաբերած էր։ Այդ ծրագրի աւարտին Աֆէեան ընտանիքը կը շարունակէ իր նախորդ նախաձեռնութիւնները։

«Արցախի ժողովուրդը տարիներ շարունակ ենթարկուած է դաժան եւ աներեւակայելի ճնշումներու, էթնիք զտման հետեւանքով իրենց տուներէն բռնի վտարուելէ վերջ մարդիկ այժմ կանգնած են նոր միջավայրի մէջ կեանք մը վերսկսելու իրողութեան առջեւ։ Արցախի ժողովուրդը ունի հանրային եւ մասնաւոր հատուածներու լայնածաւալ աջակցութեան կարիքը, որպէսզի ստանայ փրկութենէն վերածնունդ, այնուհետեւ ալ դէպի բարգաւաճում ճանապարհ անցնելու համար անհրաժեշտ միջոցներն ու օգնութիւնը», համոզուած են հիմնադրամի հոգաբարձուները՝ Նուպար եւ Աննա Աֆէեանները։

Հիմնադրամին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած է նաեւ Աֆէեաններու հետեւեալ խօսքը. «Մենք ոգեշնչուած ենք կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ստուար խումբի ջանքերով։ Անոնք անդարդում կ՚աշխատին Արցախի ժողովուրդին օգնութեան ձեռք մեկնելու համար։ Մենք նաեւ ուրախ ենք ունենալ մեր համեստ ներդրումը այս իրավիճակէն տուժած մարդոց օգնութեան ձեռք երկարելու եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանին օգտակար ըլլալու գործին մէջ»։ «Աֆէեան» հիմնադրամը դրամաշնորհ յատկացուցած է ԻՒՆԻՍԷՖ-ի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին՝ Հայաստանէ ներս ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ծրագրերու իրականացման նպատակով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2024