ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի «ԱՊԱԳԱՅԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ»ԻՆ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանը արդէն սկսած է։ Համաշխարհային կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն ներս ներկայիս նոր նստաշրջանի բացման առթիւ ստեղծուած է աշխոյժ մթնոլորտ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կէսը կը բնորոշուի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման բարձր մակարդակի իրադարձութիւններով։

ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս երէկ հրապարակուեցաւ «Յանուն ապագայի» դաշնագրին ընդունումը։ Երեւանի ղեկավարութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւնով մը ողջունեց այս դաշնագրին ընդունուիլը։ «Հաշուի առնելով համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մակարդակներու վրայ առկայ մարտահրաւէրները՝ Հայաստան ունեցած է իր ներդրումը դաշնագրին մէջ այնպիսի յանձնառութիւններու արտացոլման պարագային՝ ինչպիսիք են միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար անպատժելիութեան վերջ դնելը, ատելութեան խօսքի եւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարը։ Մենք բարձր կը գնահատենք այս ուղղութեամբ մեր գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութիւնը։ Հայաստան կը բաժնէ դիմակայուն, առաւել ներառական ու կայուն ապագայի տեսլականը», նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի աշխատանքներու սկիզբին առթիւ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի «Ապագայի գագաթաժողով»ի ընթացքին։

«Բոլոր այն խնդիրները, որոնք այսօր մենք ունինք, ուղղակի կամ անուղղակի, ձեւով մը կապուած են անցեալի մէջ ինչ-որ պահով առնուած կամ չառնուած որոշումներու հետ, նոյնը կարելի է ըսել նաեւ այսօրուայ բոլոր յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն մասին։ Անցեալի պարագային արդէն որեւէ բան չենք կրնար փոխել, այսօրուայ պարագային ալ արդէն շատ բան չենք կրնար փոխել, որովհետեւ այսօրն ալ արդէն որոշ չափով անցեալ է։ Բայց ապագան նախագծելը այսօրուան ամենակարեւոր գործն է։ Ընելիքներու օրակարգը նոյնպէս յայտնի է. խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, բարեկեցութիւն, ազատութիւն, արդարութիւն, մարդու իրաւունքներ, արհեստական բանականութիւն, կլիմայ։ Բայց կարեւոր է այն հայեցակարգը, որ պիտի դնենք ապագայի մեր պատկերացումներու հիմքին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ ապագայի համար ընելիքներու շարքին կարեւորագոյններէն մին է դրական խօսոյթներու ձեւաւորուիլը։ «Այսօրուան համաշխարհային ճգնաժամի պատճառներէն մին ալ այն է, որ միջազգային հարթակները վաղուց դարձած են փոխադարձ մեղադրանքներու, սպառնալիքներու, փակուղիներու, ճգնաժամերու ազդարարման հարթակներ», ըսաւ Փաշինեան եւ ելոյթի աւարտին մէջբերեց նաեւ իր կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ որդեգրուած կարգախօսը. «Ապագայ կա՛յ»։ Հուսկ, վարչապետը կրկնեց, որ ամէն ինչին պէտք է սկսիլ լաւ խօսքերով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2024