ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած վերջին գիրքին շնորհանդէսները կը շարունակուին աշխարհի զանազան հայկական համայնքներէն ներս։ Աւստրալահայութիւնն ալ վերջերս հիւրընկալեց տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որու «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» խորագրեալ գիրքին համար ծանօթացման հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ յարակից «Էտկարեան» սրահի երդիքին տակ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւտրալիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեան ներքեւ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Կոկիկ թիւով գրասէրներ հետեւեցան յայտագրին, որու ընթացքին Հրայր Ճէպէճեանի գիրքին բովանդակութիւնն ու նշանակութիւնը ներկայացուեցան զանազան երեսակներով։ Հեղինակն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը։ Ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին Հրայր Ճէպէճեանն ու կողակիցը՝ Արտա Ճէպէճեանը, որոնք անմիջական ընդունելութեան արժանացան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած ոգեւորութիւնը։