ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Այս տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ խտա­ցեալ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին յա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տար­նե­րուն կող­մէ։ Ե­րէկ Վիեն­նա­յի մէջ ալ ծա­ւա­լուն աշ­խա­տանք մը կա­տա­րուե­ցաւ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով տե­ղի ու­նե­ցան կա­րե­ւոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ՝ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգն­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­տիլ Էլ Ճու­պէյր։

Վիեն­նա­յի «Էն­փե­րիալ» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան դռնփակ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք օ­րուան սկիզ­բին մեկ­նար­կե­ցին Ճոն Քե­րիի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի մէկ­տե­ղու­մով։ Ա­ւե­լի վերջ ե­ռա­կող­մա­նի խորհր­դակ­ցու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Սի­նիր­լիօղ­լուի, Քե­րիի եւ Էլ Ճու­պէյ­րի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Իսկ յետ­մի­ջօ­րէին ա­նոնց միա­ցաւ նաեւ Լաւ­րով։ Իր ե­րեք պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն միա­նա­լէ ա­ռաջ Լաւ­րովն ալ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Յոր­դա­նա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նա­սըր Ճու­տէ­հի հետ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Վիեն­նա­յի մէջ հան­դի­պե­ցան նաեւ Սի­նիր­լիօղ­լու եւ Լաւ­րով։ Սի­նիր­լիօղ­լու ա­ռան­ձին զրու­ցեց նաեւ Էլ Ճու­պէյ­րի հետ։

Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան եւ Յոր­դա­նան հա­մա­ձայ­նած են զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու եւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը հա­մա­կար­գե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ռուս նա­խա­րա­րը Վիեն­նա­յի մէջ յայտ­նեց նաեւ, թէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղու­թեամբ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով հիմք պէտք է ըն­դու­նիլ 2012 թուա­կա­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ հրա­տա­րա­կուած Ժը­նե­ւի զե­կոյ­ցը։ Լաւ­րով ա­ւել­ցուց, թէ այս նիւ­թին շուրջ կող­մե­րը հա­մա­կար­ծիք են։

Իր կար­գին Էլ Ճու­պէյրն ալ նշեց, թէ լուծ­ման ջան­քե­րու հիմ­քին պէտք է գտնուի Ժը­նե­ւի զե­կոյ­ցը, սա­կայն ըստ ի­րեն, Ռու­սաս­տա­նի հետ կը շա­րու­նա­կեն տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ապ­րիլ՝ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յին ա­ռըն­չու­թեամբ։

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մար­տահ­րա­ւէր կը հա­մա­րուին ամ­բողջ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան հա­մար։ Ան յի­շե­ցուց, թէ հա­յե­րը կը բնա­կին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ կազ­մե­լով բազ­մազգ, բազ­մակ­րօն խճան­կա­րի ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը։ Նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին հե­տե­ւան­քով միայն այդ երկ­րէն Հա­յաս­տան ըն­դու­նած է 17 հա­զար փախս­տա­կան։ «Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու, ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդի­րը մե­զի հա­մար մշտա­կան ան­հանգս­տու­թեան ա­ռիթ է», ընդգ­ծեց Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ու կա­րե­ւո­րեց Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ ձեռք բե­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ այդ երկ­րի տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մը էա­կա­նօ­րէն պի­տի փո­խէ ի­րա­վի­ճա­կը ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015