ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅ ԵՆ…

Եւ­րո­պաբ­նակ յայտ­նի թուրք մտա­ւո­րա­կան Փը­նար Սե­լէք այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Այս­պէս, գրող Փը­նար Սե­լէ­քի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած գիր­քե­րէն մին վեր­ջին շրջա­նին թարգ­մա­նուած է հա­յե­րէ­նի՝ «Ո­րով­հե­տեւ հայ են» ա­նու­նով։ Այս գոր­ծին շնոր­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ մամ­լոյ ա­սու­լիս մըն ալ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան դահ­լի­ճին մէջ։ Այս մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Փը­նար Սե­լէ­քի կող­քին էր նաեւ Լիո­նէն հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Մա­նուկ Մա­նուէլ Փա­մուք­ճեան։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Փը­նար Սե­լէք ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ պա­տաս­խա­նեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն՝ բաժ­նե­լով իր տե­սա­կէտ­նե­րը հայ­կա­կան հար­ցին եւ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Գրող եւ ըն­կե­րա­բան Փը­նար Սե­լէք, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նեց՝ թէ իր գիր­քը վկա­յու­թիւնն ու ճիչն է այն բո­լոր մար­դոց, ո­րոնք կոտ­րած են ի­րենց մէջ առ­կայ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ու հար­ցա­կա­նի տակ դրած են այն բո­լոր «ճշմար­տու­թիւն­նե­րը», ո­րոնք ու­սու­ցուած են ի­րենց։ «Տա­կա­ւին չեմ հա­սած շատ բան տես­նե­լու, բայց կար­ծես փոք­րիկ աղ­ջիկ մը ըլ­լա­յի, ա­նընդ­հատ կ՚ո­գե­ւո­րուիմ, կը ծի­ծա­ղիմ, առ­տուը­նէ ի վեր շատ լաւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նիմ։ Այս հան­դի­պու­մը ին­ծի հա­մար շատ խորհր­դանշա­կան է։ Իմ կեան­քին մէջ իս­կա­կան հան­դի­պում­նե­րը միշտ փո­խած են կեանքս», ը­սաւ Փը­նար Սե­լէք Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ըստ ի­րեն, գիրքն ալ կը պատ­մէ այդ­պի­սի իսկ հան­դի­պում­նե­րու եւ ա­նոնց յա­ռա­ջա­ցու­ցած փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ներ­կա­յաց­նե­լով գիր­քին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ Փը­նար Սե­լէք ընդգ­ծեց, որ այն­տեղ հար­ցա­կա­նի տակ կը դրուին Թուր­քիոյ կրթա­կան հա­մա­կար­գը, փո­ղոց­նե­րու ա­նուն­նե­րը, այն սեւ, մութ հա­տուա­ծը, որ կայ մար­դոց գի­տակ­ցու­թեան մէջ եւ ո­րու մէջ ինքն ալ յայտ­նուած էր, սա­կայն փոր­ձած էր դուրս գալ։ «Գիրքս կը պատ­մէ, թէ ինչ­պէս ես Թուր­քիոյ մէջ ապ­րած եմ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ Ես ազ­գայ­նա­կան­նե­րու ըն­տա­նի­քէ չեմ ե­ղած, ըն­տա­նիքս ընդ­դի­մա­դիր հա­յեացք­ներ ու­նէր, հայրս բան­տար­կուած էր, մեծ­հայրս եւս ընդ­դի­մա­դիր էր եւ այս բո­լո­րով հան­դերձ ես չէի հասկ­նար ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը։ Ես կը նա­յէի, կը նա­յէի, բայց չէի տես­ներ, ո­րով­հե­տեւ իմ հա­յեաց­քը ար­դէն ո­րոշ ա­ռու­մով ձե­ւա­ւո­րուած էր։ Իմ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն շնոր­հիւ ես հասկ­ցայ, որ պէտք է քան­դեմ այդ հա­յեաց­քը ու սե­փա­կան ինք­նու­թիւնս եւ փոր­ձեմ վե­րա­կա­ռու­ցել զայն։ Թէեւ դժուար էր, սա­կայն ես ջար­դե­ցի, կոտ­րե­ցի այն ակ­նոց­նե­րը, զորս կը կրէի եւ այդ­պէ­սով ես զիս ջար­դե­ցի։ Եւ միայն աս­կէ վերջ սկսայ տես­նել շատ բա­ներ, ո­րոնց մա­սին ալ գրե­ցի», պատ­մեց Փը­նար Սե­լէք Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սե­լէք ա­ւել­ցուց, որ իր գիր­քը մէկ կող­մէ կը պատ­մէ իր անձ­նա­կան վե­րա­փոխ­ման պատ­մու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէ ալ այն դի­մադ­րա­կան շարժ­ման մա­սին, որ ձե­ւա­ւո­րուած է Թուր­քիոյ մէջ։ «Իմ երկ­րին մէջ ին­ծի նման շատ մար­դիկ կան, բո­լո­րը չէ որ աք­սո­րուած են, մէկ մա­սը բան­տե­րու մէջ է, մէկ մա­սը մա­հա­ցած է, իսկ միւս մասն ալ կը շա­րու­նա­կէ դի­մադ­րել եւ պայ­քա­րիլ։ Կը կար­ծեմ, որ մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու իս­կա­կան հան­դի­պու­մը այդ պայ­քա­րին ու դի­մադ­րու­թեան մի­ջո­ցաւ պի­տի ըլ­լայ, ո­րով­հե­տեւ սահ­ման­նե­րը ստեղ­ծուած են իշ­խող­նե­րու կող­մէ ու մենք ենք, որ դուրս կու գանք այդ սահ­ման­նե­րէն, կը ստեղ­ծենք մեր աշ­խար­հը, կը մտա­ծենք մեր ար­ժէք­նե­րուն մա­սին», շա­րու­նա­կեց Փը­նար Սե­լէք ու նշեց, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գիր­քը պզտիկ բան մըն էր, զոր կրնար ը­նել ին­քը։ Սե­լէք ա­ւել­ցուց, որ իր հե­ղի­նա­կած գոր­ծը մեծ հնչո­ղու­թիւն ու­նե­ցած է Ֆրան­սա­յի մէջ։ Շա­տեր հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ այն­տեղ կը պատ­մուի հայ­կա­կան հար­ցը, այլ ա­նոր հա­մար, որ շա­տեր ա­նոնց մէջ ա­ռըն­չու­թիւն­ներ կը տես­նեն սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ։ Թէեւ գիր­քը հա­յե­րու հա­մար գրուած է, սա­կայն ան ու­նի հա­մընդ­հա­նուր բնոյթ մը։

Նոյն հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին, Փը­նար Սե­լէք ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ Թուր­քիա պի­տի չվե­րա­փո­խուի ա­ռանց փո­խե­լու հա­յե­րու նկատ­մամբ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ «Այն­քան ժա­մա­նակ, երբ տա­կա­ւին ար­դա­րու­թիւ­նը չէ հաս­տա­տուած եւ Թուր­քիա ժխտման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ հա­յոց հան­դէպ, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը չի կրնար վե­րա­փո­խուիլ։ Ան ստեղ­ծուած է այդ իսկ հիմ­քին վրայ ու քա­նի տա­կա­ւին այդ հիմ­քը չէ փո­խուած, երկ­րէն ներս ո­րե­ւէ իս­կա­կան փո­փո­խու­թիւն պի­տի չըլ­լայ», ա­ւել­ցուց Սե­լէք ու շեշ­տեց, թէ իր խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր ամ­բողջ հա­սա­րա­կու­թեան։ Ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ պէտք չէ մտա­ծել, որ թուրք հա­սա­րա­կու­թիւ­նը միա­տարր է։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ան շատ բազ­մա­տարր է։ Միակ խնդի­րը այն է, որ բազ­մա­թիւ մար­դիկ չեն գի­տեր ճշմար­տու­թեան մա­սին։ Յա­մե­նայն­դէպս հա­սա­րա­կու­թե­նէն ներս ար­դէն տե­ղի կ՚ու­նե­նան փո­խա­կեր­պում­ներ։

Ա­սու­լի­սի տե­ւո­ղու­թեան Փը­նար Սե­լէք պատ­մեց, որ Սթրազ­պուր­կի մէջ հե­տա­զօ­տու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ մի­ջազ­գա­յին մեղ­սակ­ցու­թեան զան­գուա­ծա­յին բռնու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Ան կը փոր­ձէ հասկ­նալ, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը մին­չեւ ո՛ւր կրնայ պաշտ­պա­նել բռնու­թեան զո­հե­րը, ինչ­պէ՛ս կրնայ հաս­տա­տուիլ ար­դա­րու­թիւ­նը՝ ոչ միայն հա­յոց օ­րի­նա­կով։ Այդ հա­մա­տես­քին մէջ ան պի­տի փոր­ձէ քա­ղա­քա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին տե­սան­կիւ­նէն հասկ­նալ տու­ժող կող­մի բո­լոր պա­հանջ­նե­րը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015