ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Վրաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի վեր­ջերս շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պա­քուի մէջ, ուր Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Սա վրա­ցի նո­րան­շա­նակ ղե­կա­վա­րին ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւնն էր։ Պա­քուի մէջ Քվի­րի­քաշ­վի­լի հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Քվի­րի­քաշ­վի­լի գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, թէ ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը կու տար Պա­քու։ Վրա­ցի նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ Վրաս­տան-Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին բարձր մա­կար­դա­կի վրայ ու մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը։

Իր կար­գին Ա­լիեւն ալ Ատր­պէյ­ճան-Վրաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան ու եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն լաւ ցու­ցա­նիշ մը նկա­տեց՝ Քվի­րի­քաշ­վի­լիի ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան այ­ցե­լու­թեան դէ­պի Պա­քու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը նշեց, թէ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պէտք է շա­րու­նա­կուի քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան ու մնա­ցեալ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Ըստ Իլ­համ Ա­լիե­ւի, այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մա­նա­ւանդ այն տնտե­սա­կան, ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րուն տե­սա­կէ­տէ, ո­րոնք կը միաց­նեն եր­կու եր­կիր­նե­րը։

Զրու­ցա­կից­նե­րը կանգ ա­ռին նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ ծրագ­րե­րուն վրայ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձան Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խնդրին։

Քվի­րի­քաշ­վի­լի Պա­քուի մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ դէմ­քե­րու հետ։ Վրա­ցի նա­խա­րա­րը այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով յայ­տա­րա­րեց, թէ Ատր­պէյ­ճան եւ Վրաս­տան վե­րա­հաս­տա­տած են ի­րենց գոր­ծըն­կե­րու­թեան զար­գա­ցու­մը՝ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ու­ժա­նիւ­թի ու փո­խադ­րու­թեան մի­ջանց­քին ի նպաստ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015