ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԻ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ԹԵԼԱԴՐԷ

Անց­նող օ­րե­րուն ա­րա­բա­կան մա­մու­լի տար­բեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն Ռու­սաս­տա­նի Սու­րիոյ մէջ սկսած զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թեան ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին: Ա­նոնք կը հա­ղոր­դեն, որ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլատ­միր Փու­թին անց­նող Յու­լի­սէն սկսեալ մէ­կէ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ  ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն եւ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն ու­նե­ցած ծանր կո­րուստ­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լէ ետք վճռած է մտնել պա­տե­րազ­մա­կան դաշտ: Բո­լո­րին յայտ­նի է, որ մին­չեւ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցի­լը Ռու­սաս­տա­նի հա­մար գե­րա­գոյն խնդի­րը իր զի­նուո­րա­կան՝ Թար­թու­սի եւ Լա­թա­քիոյ զի­նուո­րա­կան խա­րիսխ­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թիւնն էր: Տե­ղի ու­նե­ցած մար­տե­րուն զու­գըն­թաց Մոս­կուա բաց կը պա­հէր իր դռնե­րը Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան տար­բեր հա­տուած­նե­րուն, բայց մա­նա­ւանդ սիւն­նի աշ­խար­հի թիւ մէկ բան­բեր հա­մա­րուող Ռիա­տի ա­ռաջ: Այս քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րը ա­պար­դիւն էին, ո­րով­հե­տեւ տագ­նա­պին ա­ռըն­չուող եր­կու հիմ­նա­կան կող­մե­րը, այ­սինքն Ի­րան եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա կը մնա­յին ան­զի­ջող եւ ի­րենց հա­մար գե­րա­գոյն հար­ցը Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան ա­թո­ռին վրայ մնալ-չմնալն էր: Քա­ղա­քա­կան այս ի­րադ­րու­թեան մէջ քիչ չէր թի­ւը այն դէ­տե­րուն, ո­րոնք ի­րա­վի­ճա­կին սա­ռած մնա­լը կը վե­րագ­րէին մէկ կող­մին միւս կող­մին դէմ տա­նե­լիք հա­ւա­նա­կան զի­նուո­րա­կան յաղ­թա­նա­կի մը ե­րե­ւան գա­լով: Այս­տեղ յաղ­թա­նակ բա­ռը պէտք է առ­նել չա­կերտ­նե­րու մէջ, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­մար­տող բո­լոր կող­մե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս չկրցան ի­րա­կան յաղ­թա­նակ­ներ գրան­ցել: Անց­նող Յու­լի­սին երբ Ի­րա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թամբ մը հան­դէս կու­ գար եւ «Ալ Քուտ­ս» փա­ղան­գի գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րը կ­­՚ա­ռա­քէր Մոս­կուա: Ի­րա­նի ա­ռաջ­նոր­դը միշտ չէ, որ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գար եւ ա­նոր այս շար­ժու­մը կա­րե­ւոր ցու­ցա­նիշ մըն էր, որ «դա­նա­կը հա­սած էր ոս­կո­րի­ն»: Այդ այ­ցէն ան­մի­ջա­պէս ետք է նաեւ, որ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը ճառ մը կ՚ար­տա­սա­նէր Դա­մաս­կո­սի «Ժո­ղովրդա­յին պա­լա­տ­»ին մէջ, ուր բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը խօ­սէր իր բա­նա­կի «ո­րոշ յոգ­նա­ծու­թեա­ն» մա­սին: Խոր­քին մէջ այս պատ­գա­մը ուղ­ղուած էր Ռու­սաս­տա­նին, ո­րով­հե­տեւ ցարդ ի­րա­նեան զօր­քե­րու եւ «Հիզ­պուլ­լահ»ի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մին չէին կրցած դրա­կան տե­ղա­շարժ մը կա­տա­րել՝ ի նպաստ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն: Հա­կա­ռակ այս բո­լո­րին, Փու­թին նոյն­պէս վե­րա­հա­սու կը դառ­նար, որ Սու­րիոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­տուած­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան տակ: Ու այդ­պէս էր, որ կը հիմ­նուէին զի­նու­րա­կան ­գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու յա­տուկ կեդ­րոն­ներ Ռու­սաս­տան-Ի­րան-Սու­րիա ե­ռա­կողմ ու­ժե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րինս ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար:

Ռու­սա­կան զօր­քե­րուն ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հետ հա­մըն­թաց ա­րեւմ­տեան եր­կիր­ներ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ծան­րօ­րէն կը մե­ղադ­րէին Փու­թի­նը, սա­կայն ա­նոնց քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը կը մնա­յին խօս­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ:

Փու­թին նաեւ լաւ կը հասկ­նայ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի տար­բեր նրբե­րանգ­նե­րը: Այդ ա­ռու­մով մէ­կէ ա­ւե­լի ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը յայ­տա­րա­րէին, թէ ի­րենք չեն ե­կած մտնե­լու սիւն­նի-շիի հա­կա­մար­տու­թեան մէջ, այլ ի­րենց նպա­տակն է կռուիլ ու կոտ­րել ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ող­նա­շա­րը: Ըստ ռուս զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տուի մը, ռու­սա­կան օ­դա­յին հա­րուած­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին յա­ռա­ջի­կայ չորս ա­միս­նե­րուն, որպ­էս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ այդ­պէ­սով չէ­զո­քաց­նել ա­հա­բե­կիչ­նե­րը եւ կա­րե­ւոր հա­րուած­ներ տալ Հա­լէ­պի, Իտ­լի­պի, Ժըսր Ալ Շու­ղու­րի եւ Հոմ­սի մէջ: Այդ­պէ­սով ռու­սա­կան կող­մը ա­ռիթ պի­տի տար կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն նախ իր ու­ժե­րը վե­րա­դա­սա­ւո­րել եւ ա­պա անց­նիլ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեանց:

Ե­րե­ւե­լի է նաեւ քա­ղա­քա­կան բե­մա­հար­թա­կին վրայ ռու­սա­կան կող­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեան սան­ձը իր ձեռ­քին մէջ պա­հե­լու փաս­տը: Ու այս խօս­քին ա­մե­նէն ու­րոյն ա­պա­ցոյ­ցը Աւստ­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Վիեն­նա­յի մէջ սկիզբ ա­ռած քա­ռա­կողմ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղանն է: Հա­մա­ժո­ղո­վը կը կա­րե­ւո­րուի, ո­րով­հե­տեւ գրե­թէ տա­րիէ մը ա­ւե­լի Թուր­քիոյ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը կը նստին նոյն սե­ղա­նին շուրջ, քննար­կե­լու հա­մար տագ­նա­պին յար­մար լու­ծում­ներ ո­րո­նե­լու ձե­ւե­րը:

Այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուին մինչ Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կի գրոհ­նե­րը կա­րե­ւոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը գրան­ցեն յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի հա­րա­ւա­յին եւ ա­րե­ւե­լեան հա­տուած­նե­րուն մէջ:

Ա­րա­բա­կան գետ­նի վրայ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ռիատ կը շա­րու­նա­կէ մնալ ան­զի­ջող իր դիր­քե­րուն մէջ, մեծ ա­նակն­կալ մը պէտք չէ հա­մա­րել, ե­թէ Գա­հի­րէի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շէ զի­նուո­րա­կան ջո­կատ­ներ Սու­րիա ուղ­ար­կել: Բա­ցո­րոշ է, որ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գա­հը ա­մէն գնով հա­մա­ձայն է ռու­սա­կան քայ­լե­րուն ու այս ա­ռու­մով, ա­նոր ե­գիպ­տա­կան բա­ժա­նա­րար զօր­քեր Սու­րիա ա­ռա­քե­լու մա­սին ո­րո­շում մը ա­ւե­լիով կը զօ­րաց­նէ ռու­սա­կան մի­ջամտ­ու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին տա­լով նաեւ հա­մաա­րա­բա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը շե­շտադ­րու­մը:

Ռու­սաս­տա­նի հա­մար կա­րե­ւոր է շա­հիլ սիւն­նի աշ­խար­հին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը եւ այս ա­ռու­մով ե­րե­ւե­լի է նաեւ Յոր­դա­նա­նի թա­գա­ւո­րին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռիթ­նե­րով բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը յայ­տա­րա­րէ, որ Ամ­ման Սու­րիոյ խնդրին առ­թիւ պատ­րաստ է ամ­բող­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ Մոս­կուա­յի հետ:

Սիւն­նի աշ­խար­հին հետ իր կա­պե­րը ամ­րագ­րե­լու հա­մար ե­ղած ա­ռա­ջին փոր­ձե­րէն ետք Ամ­մա­նի ու ա­պա Գա­հի­րէի «ա­յո»ն ու­նե­նա­լով Մոս­կուա­յի հա­մար կը մնայ Ռիա­տի հետ լե­զու գտնե­լու խնդի­րը: Ու հոն նաեւ զար­մա­նա­լի չէ, որ Սէու­տա­կան թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը  ա­ռանց մեծ աղ­մու­կի կե­ցուած­քի կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­ներ ը­նէ, խու­սա­փե­լով «խա­ղին մէ­ջ» ա­ռան­ձինն մնա­լու մտա­վա­խու­թե­նէն: Ան­շուշտ այս բո­լո­րը եր­կար ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տին եւ կրնան պա­տա­հիլ միայն, երբ Սու­րիոյ մէջ ո­րե­ւէ գե­տին ամ­բող­ջու­թեամբ կ՚անց­նի սու­րիա­կան ու­ժե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ:

Քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րու ֆո­նին կա­րե­ւոր է նաեւ նկա­տել ռու­սա­կան կող­մին ՄԱԿ-ի հան­դէպ ու­նե­ցած դրա­կան շեշ­տադ­րու­մը: Տագ­նա­պի ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ Մոս­կուա տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով խօ­սած է սու­րիա­կան տագ­նա­պը ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր շրջա­գ­­ծին մէջ լու­ծե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին: Ու երբ սու­րիա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ծանր քննա­դա­տու­թիւն­ներ հնչե­ցու­ցած է Սու­րիոյ հար­ցով ՄԱԿ-ի մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տուի­րակ­նե­րու հաս­ցէին, Մոս­կուա մնա­ցած է ա­մուր իր դիր­քե­րուն մէջ եւ յայ­տա­րա­րած՝ որ տագ­նա­պը պէտք է լու­ծուի միայն ՄԱԿ-ի ծի­րին մէջ:

Մոս­կուա նաեւ այս ա­ռու­մով լաւ կը հասն­կայ «խա­ղին օ­րէնք­նե­րը»: Ու ա­նե­րեւ­ա­կա­յե­լի չէ, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լու­ծու­մով պի­տի կա­րո­ղա­նայ յա­ւե­լեալ մեծ դեր վերց­նել եւ դառ­նալ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի «նոր ի­րա­ւա­րա­ր­»ը:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի խա­ղա­թուղ­թե­րու կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը այ­սօր Մոս­կուա­յի ձեռքն է եւ այս ձեռք­բե­րու­մը նուի­րա­կա­նա­ցած է ոչ միայն Փու­թի­նի ու­ժեղ եւ կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թեամբ, այլ նաեւ Ա­րեւ­մուտ­քի ու յատ­կա­պէս Ա­մե­րի­կա­յի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ու­նե­ցած ոչ-ան­տե­սե­լի ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րով ու նա­հան­ջով:

Կայ նաեւ այլ մօ­տե­ցում մը. ըստ ո­րուն Մոս­կուա­յի նա­խա­ձեռ­նած Վիեն­նա­յի այս ժո­ղո­վը, ինչ­պէս նա­խօ­րօք կա­տա­րուած այլ ժո­ղով­ներ, ե­թէ նոյ­նիսկ ձա­խո­ղի, այդ մէ­կը ո­չինչ կը փո­խէ գետ­նի վրայ: Ճա­կա­տում­նե­րը կրնան շա­րու­նա­կուիլ եւ ա­րիւն­ա­հե­ղու­մը եւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու դէմ սկիզբ ա­ռած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան դառ­նալ ա­ւե­լի հա­մա­տա­րած: Սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ սու­րիա­կան խա­ղը ա­ռա­ջուան հու­նին մէջ չէ: Նոր խա­ղա­ցո­ղը, որ Մոս­կուան է, ան­պայ­ման պի­տի պար­տադ­րէ իր կամ­քը, իսկ ե­թէ այդ մէ­կը դժուա­րա­նայ, առ­նուազն յստակ է, որ ոչ ոք կրնայ շրջան­ցել ա­նոր հիմ­նա­րար դե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2015