«ԹՈՒՄՕ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնագէտներէն Սուսաննա Գալստեանի գլխաւորութեամբ քաղաքիս մէջ տարուած երկշաբաթեայ աշխատանքը եզրափակուեցաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Սուսաննա Գալստեան Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ աշակերտներու հետ աշխատանք տարաւ մարդամեքենաներ (ռոպոթ) շինելու ուղղութեամբ։ Ընդհանրապէս միջնակարգի տղոց մակարդակին համար նախատեսուած այս ծրագիրը սահմանափակ չմնաց միայն «Հրանդ Տինք» վարժարանով։ Արդարեւ, դպրոցի տնօրէնութիւնը տեղին գաղափարով մը որոշած էր համայնքային միւս վարժարաններն ալ մասնակից դարձնել այս եզակի նախագծին։ «ԹՈՒՄՕ»ի նման հեղինակաւոր ու յաւակնոտ կեդրոնի մը կողմէ մասնագէտի մը Իսթանպուլ այցը այս առումով արժեւորուած եղաւ առաւելագոյնս, որովհետեւ աշխատանքը արդէն իրականացուեցաւ միջվարժարանային հարթութեան վրայ։ Այսպէս, նախագծին ներգրաւուեցան նաեւ՝ Էսաեանէն, Տատեանէն, Մէրամէթճեանէն, Սահակեան-Նունեանէն եւ Գարակէօզեանէն աշակերտներ։ Գալստեանի հսկողութեան ներքեւ տղաքը մարդամեքենաշինութեան ուղղութեամբ տարին ծրագրաւորման եւ արտադրական աշխատանք։
Հիւրընկալ «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ծրագրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին Սուսաննա Գալստեան ուրախութիւն յայտնեց Իսթանպուլի մէջ նման նախագիծ մը կեանքի կոչած ըլլալու բերումով, հայ համայնքին հետ։ Ան կարեւորեց խմբային աշխատանքը եւ իր սաներուն յորդորեց միշտ գործել համապատասխան ոգիով։ Արդարեւ, առանձին միշտ աւելի դժուար է արդիւնքի հասնիլ կեանքի մէջ։
Ներկաներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ իր հերթին ուրախութիւն յայտնեց արձանագրուած յաջողութեան համար։
Հաւաքոյթի տեւողութեան Գալստեանին յուշանուէր մը յանձնեց Դալար Հորոզօղլու, որ իր ամուսնոյն՝ Յարութիւն Հորոզօղլուի հետ կը գլխաւորէ դպրոցի կամաւորաց հոգաբարձութեան կազմը։
Աւելի վերջ, տղաքը ներկայացուցին իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ շարժման անցընելով մարդամեքենաները։ Բոլոր ներկաները բարձր գնահատանքով հետեւեցան անոնց գործին եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սուսաննա Գալստեանի նկատմամբ։
Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած խանդավառութիւնը։