ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ նահանգներ), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), նաեւ շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ արդէն ձեռնարկած են իրենց հերթական ուղեւորութեան՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Այս շրջագայութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր միջնորդները տեսակցեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ միջնորդները կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։
Պաքուի մէջ միջնորդները տեղեկացուցին, որ աշխատանք կը տանին նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ իր ազէրի պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամէտեարովի միջեւ։ Այդ տեսակցութիւնը նախատեսուած է Համպուրկի մէջ, ուր յառաջիկայ շրջանին տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Միջնորդները երկար ժամանակէ ի վեր փափաք կը յայտնեն նաեւ նախագահներու նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար, սակայն առայժմ չկայ յստակութիւն։ Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի, Ալիեւ միջնորդներուն հետ զրուցելու ժամանակ պատրաստակամութիւն այատնած է Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու ուղղութեամբ։
Պաքուի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամերիկացի դիւանագէտը նշեց, որ համանախագահները պատրաստ են շարունակել իրենց աշխատանքը, իսկ մօտաւոր անցեալի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն լոյսին տակ լայն հնարաւորութիւն ստեղծուած է կարգաւորման համար։ Ուստի, միջնորդներն ալ կը ձգտին ընթանալ նոյն ճանապարհով։ Հակամարտ կողմերն ալ պէտք է հետեւին այդ պայմանաւորուածութիւններէն բխած իրենց պարտաւորութիւններուն։
Ուորլիք ընդգծեց, որ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա աշխուժօրէն կը համագործակցին հիմնախնդրի կարգաւորման հասնելու նպատակով։ Ան շեշտը դրաւ անոնց կողմէ ձեռնարկուած ընդհանուր ջանքերուն վրայ։ Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի կողմէ վերջերս կատարուած յոռետես յայտարարութիւններուն՝ Ուորլիք յայտնեց, թէ անոնք չեն կրնար կասկածի տակ թողուլ ամերիկեան կողմին յանձնառութիւնը։ Քերին ալ տրամադրուած է՝ խաղաղ կարգաւորման ճանապարհին աշխատիլ։
«Առանց Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու վերադարձի կամ առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ քննարկումներու՝ որեւէ համաձայնութիւն չ՚ըլլար», ըսաւ Ուորլիք Պաքուի մէջ եւ աւելցուց, որ առկայ կացութիւնը չի կրնար երկար շարունակուիլ, իսկ կարգաւորման բոլոր տարրերը պէտք է քննարկուին՝ որպէս ընդհանուր ծրար մը։
Միջնորդները Պաքուէն վերջ կը շարունակեն իրենց շփումները հայկական կողմին հետ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ։ Այդ տեսակցութիւններուն ընդառաջ, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գնրծոց նախարար Կարէն Միրզոյեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։
Միւս կողմէ, նոյնպէս այս շրջանին զուգադիպեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի Արցախ այցելութիւնը, ուր ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Իր հետ էին՝ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մովսէս Յակոբեան եւ Սերժ Սարգսեանի ռազմական հարցերով գլխաւոր խորհրդականը՝ Միքայէլ Յարութիւնեան։ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ այս առթիւ յստակացուեցաւ ռազմական համագործակցութեան, փորձառութեան փոխանակման եւ գործողութիւններու համադրութեան ծրագիրը։
Ըստ վերջին լուրերուն, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն խախտել հրադադարը։