ՊԱՇԻՔԱ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն (ԻՇԻՊ) Իրաքի նաւթի պաշարներով հարուստ Մուսուլ քաղաքը ազատագրելու ուղղեալ միջազգային գործողութիւնը ընթացքի մէջ է արդէն շուրջ տասն օրէ ի վեր։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի իրադարձութիւններուն հետ համահաւասար ուշադրութեան կ՚արժանանան այս ճակատի նորութիւնները։ Շաբաթավերջին արձանագրուեցաւ կարեւոր զարգացում մը։ Արդարեւ, Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան փեշմերկէները ԻՇԻՊ-էն ազատագրեցին Պաշիքա քաղաքը, ուր կը գտնուի նաեւ թրքական ռազմախարիսխ մը։ Սոյն յաջողութեան գրաւականներէն մին ալ այն է, որ Պաշիքան իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու ժամանակ՝ փեշմերկէները վայելեցին Թուրք զինեալ ուժերուն աջակցութիւնը, որու շրջագծով ազդու ռմբակոծումներ կատարուեցան։
Այս դրական զարգացումով հանդերձ, Մուսուլի ազատագրման գործողութեան առանցքին շուրջ տարակարծութիւնները կը շարունակուին Անգարայի եւ Պաղտատի իշխանութիւններուն միջեւ։ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր շաբաթավերջին Անգարայի մէջ յայտնած էր, որ սկզբունքային համաձայնութիւն մը գոյացած է Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ։ Ամերիկացի նախարարը Թուրքիայէն Իրաք ուղեւորուելով շարունակեց իր բարձր մակարդակի քննարկումները տարածքաշրջանէն ներս։ Բայց եւ այնպէս, Իրաքի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ կրկնեց, որ վերապահութիւն ունի Մուսուլի գործողութեան Անգարայի մասնակցութեան դէմ։ Միակ տարբերութիւնը եղաւ այն, որ Պաղտատ այս անգամ աւելի մեղմ ու նախանձախնդիր ոճով մը բարձրաձայնեց իր տեսակէտը։ Արդարեւ, սա Իրաքի պատերազմն է եւ իրաքցիները սեփական ուժերով պէտք է հասնին արդիւնքի։ Իսկ Անգարայի ղեկավարութիւնը յամառօրէն կ՚ընդգծէ, որ պիտի մասնակցի Մուսուլի ռմբակոծումներուն։
Մինչ Մուսուլի եւ շրջակայքին ԻՇԻՊ կը ստանայ ծանր հարուածներ, ահաբեկիչները վերջին օրերուն սկսած են երկրի արեւմուտքի զանազան քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ կ՚իրականացնեն յարձակումներ, որոնք կը խլեն անմեղ մարդկանց կեանքեր։
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ ծանր իրավիճակին մէջ դիւանագիտական գետնի վրայ ալ Թուրքիոյ բազմակողմանի ջանքերը կը շարունակուին։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Պետական աւագանին քննարկումներ կը ծաւալէ նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի հետ։
ՔԵՐՔԻՒՔԻ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԸ
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.
Քերքիւքի հայերը երեք օր բանտարկուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ: Երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ հանդարտ իրավիճակ տիրած է քաղաքէն ներս, սակայն անցնող երեք օրերուն քաղաքը դարձած էր թատերաբեմ ծանր մարտերու: Պետական մարմիններ յորդորած են բնակիչները մնալ իրենց տուներէն ներս եւ դուրս գալ միայն ծայրայեղ պարագաներու: Վերջին օրերուն հայ բնակիչները պատրաստուած ըլլալով նման վատ դրութեան՝ սնունդի կամ դեղօրայքի պակաս չեն ունեցած: Քաղաքը վերջին 72 ժամերուն թատերաբեմ եղած էր ծանր մարտերու, երբ ԻՇԻՊ-ի ահաբեկչական խմբաւորման տասնեակ զինեալներ թափանցում մը կատարելով յարձակած էին կառավարական շէնքերու ուղղութեամբ եւ գրաւելէ ետք շէնքերէն մին սկսած էին կրակ բանալ կառավարական ուժերուն դէմ: Ժամեր տեւած մարտերէ ետք իրաքեան բանակի ջոկատներ իրենց տիրապետութեան տակ առած են քաղաքը եւ յաջողած՝ չէզոքացնել ԻՇԻՊ-ի տասնեակ ահաբեկիչները:
Միւս կողմէ, Իրաքի Քերքիւք քաղաքին մէջ կ՚ապրին շուրջ երեսուն հայ ընտանիքներ: Համայնքը կազմած է Ազգային խորհուրդ, որուն ճիգերով եւ Պաղտատի Թեմի Առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի օրհնութեամբ ու ձեռամբ օրեր առաջ օծումը կատարուեցաւ նորակառոյց Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ: