ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագրեալ այս եռօրեայ ցուցահանդէսը բացուեցաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի իններորդ թաղամասի քաղաքապետարանէն ներս։ Քաղաքապետարանի պատկերասրահի երդիքին տակ այս շրջագծով ներկայացուեցան շուրջ 130 լուսանկարներ, որոնք անցեալի եւ ներկայի մասին դրուագներ կը ցոլացնէին։
Լուսանկարչական-ժամանակագրական այս ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն էին՝ հիւրընկալ քաղաքապետութիւնը, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ «Մենք» պետական ու ազգային արժէքներու ծանօթացման հիմնարկը։ Ցուցահանդէսի այցելուները վերյիշեցին 1990-2016 տարիներուն Հայաստանի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները՝ մշակութային, գիտական, քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու առընչութեամբ։ Այդ գործերը ուշագրաւ էին՝ իրենց փաստագրական, արխիւային եւ գեղարուեստական չափումներով։
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան հայկական ու ֆրանսական կողմերէն յայտնի դէմքեր. ինչպէս՝ քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ այլ հիւրեր։ Կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակիցները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետ Տելֆին Պուրքլիի եւ իր առաջին տեղակալին՝ Ալեքսի Կէօվճեանի կողմէ։