ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Փաշինեանի հրաժարականէն ետք...

16 հոկտեմբերը կարեւոր թուական մը դարձաւ Հայաստանի մէջ։ Այդ օր իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թեւերուն վրայ իշխանութեան հասած Նիկոլ Փաշինեան։ Ուշագրաւը այն էր, որ Հայաստանի ժողովուրդի մեծամասնութեան համար այս անսպասելի եւ նոյնիսկ մերժելի հրաժարականը տեղի կ՚ունենար ոչ թէ քաղաքական շրջանի մը աւարտը ծանուցելով, այլեւ ընդհակառակն՝ ճանապարհ բանալով Փաշինեանի եւ իր քաղաքական շրջանակի դիրքերու ամրապնդման։ Խօսքը անշուշտ յառաջիկայ դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասին է, որոնց համար Փաշինեան սեղանին վրայ դրաւ իր հրաժարականը՝ ակնկալելով նաեւ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն երկրի Ազգային ժողովը գումարէ երկու արտահերթ նիստեր, որոնց ընթացքին նոր վարչապետի անուն դըժ-ւար թէ առաջադրուի։ Այդ պարագային է նաեւ, որ լուծարուած պիտի համարուի 2017 թուականի ապրիլին ընտրուած Ազգային ժողովը, որուն պիտի յաջորդէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու օրակարգի քըն-նարկումը ու բնականաբար վաւերացումը։

ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ

Ի՞նչ պայմաններու տակ հրաժարական տուած են Հայաստանի նախագահներն ու վարչապետները։

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր պաշտօնը կը թողնէ 16 հոկտեմբեր 1991-ին։ Ան բարեյաջող կերպով երկիրը կը ղեկավարէր հինգ տարուան շրջանով մը, բայց երկրորդ ժամկէտի երկրորդ տարին կը ներկայացնէր իր հրաժարականը: Տէր-Պետրոսեան պատկերասփռուած ելոյթով մը կը յայտարարէր, որ այդ քայլին կը դիմէ՝ երկիրը զերծ պահելու համարներ քաղաքական ցնցումներէ։

Ըստ շրջանառուող լուրերու, Հայաստանի առաջին նախագահը հրաժարական կու տար՝ վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեանի, պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի եւ անվտանգութեան ու ներքին գործոց նախարար Սերժ Սարգսեանի հետ իր ունեցած սկզբունքային տարաձայնութիւններուն պատճառով: Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ փոխ-նախագահներ, նախարարներ, մարզպետներ, քաղաքապետ ու այլ պաշտօնատար անձինք պաշտօնաթող կ՚ըլլային: Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականէն ետք վարչապետ Ռոպերթ Քոչարեան կ՚ընտրուէր նախագահ։ Ան կը հեռանար պաշտօնավարման ժամկէտը լրանալէ ետք: Դէպքը Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան, նախագահներու ու վարչապետներու պարագային, հազուագիւտ իրավիճակ մըն է: Օրինակ՝ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան առաջին վարչապետ՝ Մանուկեան, նոյնպէս երկար չէ պաշտօնավարած:

13 օգոստոս 1990-ին, Գերագոյն խորհուրդի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ (վարչապետ) ընտրուած Մանուկեան հրաժարական կու տար 26 սեպտեմբեր 1991-ին: Որպէս պատճառ կը նշուէր տարաձայնութիւնը իշխող ՀՀՇ-ի հետ: Քաղաքական այդ ուժը նախագահի պաշտօնին առաջադրած էր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, մինչդեռ Մանուկեան ինք կը ցանկար նախագահ դառնալ: Որպէս արդիւնք կը հեռանար ՀՀՇ-էն ու կը հիմնէր իր կուսակցութիւնը՝ ԱԺՄ-ն: Վազգէն Մանուկեանին կը փոխարինէր Գագիկ Յարութիւնեան:

Գագիկ Յարութիւնեան նոյնպէս կը պաշտօնավարէր կարճ շրջան մը՝ ընդամէնը ութ ամիս: Բայց ան ի սկզբանէ կը համարուէր անցումային շրջանի վարչապետ: Աւելի վերջ զինք կը փոխարինէր Խոսրով Յարութիւնեանը եւ 1 օգոստոս 1992-ին կը դառնար վարչապետ: Ըստ պնդումներու՝ Յարութիւնեանի հրաժարականի պատճառը նախագահի դժգոհութիւնն էր կառավարութեան աշխատանքէն: Վարչապետը իր դժգոհութիւնը կը յայտարարէր, իր իսկ կառավարութեան կազմած պիւտճէի նախագծին, որ կը նախատեսէր ունեցուածքի ապապետականացում եւ սեփականաշնորհում։ Ծրագիր մը, որուն դէմ էր Յարութիւնեան: Այդ ամբողջը իրականութիւն կը դարձնէր Հրանդ Բագրատեան: Սակայն Բագրատեանի պաշտօնավարումը կը տեւէր երեք տարի՝ 12 փետրուար 1993-էն մինչեւ 4 նոյեմբեր 1996 թուականը։ Բագրատեանի պարագային ալ քաղաքագէտները կ՚ըսեն՝ պատճառը Վազգէն Սարգսեանի եւ Վանօ Սիրադեղեանի հետ իր ունեցած հակասութիւններն էին: Բագրատեան ստիպուած էր հեռանալ եւ զինք կը փոխարինէր Արմէն Սարգսեան։ Ան կը յիշեն նաեւ իր հմայիչ ժպիտով։ Հայաստանի Հանրապետութեան այդօրուան նախագահը վարչապետի պաշտօնին մնաց ընդամէնը քանի մը ամիս: Ան վարչապետի պաշտօնէն հեռացաւ առողջական խնդիրներու պատճառով, մեկնեցաւ Մեծն Բրիտանիա՝ բուժման նպատակով, այնուհետեւ նշանակուեցաւ Անգլիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

 Վերեւ նշեցինք, թէ ի՛նչ հանգամանքներով Ռոպերթ Քոչարեան դարձաւ նախագահ։ Նախագահ դառնալէ ետք ան վարչապետ նշանակեց Արմէն Դարբինեանը, որ 30 տարեկան էր՝ ամենաերիտասարդը վարչապետներուն մէջ: Երիտասարդ վարչապետը եկաւ երիտասարդ տնտեսագէտներու խումբով: Զայն անուանեցին «արհեստավարժներու կառավարութիւն»։ Բազմաթիւ տեսաբաններ կը յայտնեն, որ անոր աշխատանքէն ալ գոհ չմնացին․ հարկային եկամուտներու թերհաւաքագրում արձանագրուեցաւ, կաշառակերութիւնը խորացաւ:

1 տարի 5 ամիս պաշտօնավարած Դարբինեան հրաժարական տուաւ, քանի որ 30 մայիս 1999-ին Ազգային ժողո-վի ընտրութիւններուն յաղթեց «Միասնութիւն» դաշինքը, որու վարչապետի թեկնածուն Վազգէն Սարգսեանն էր: Պաշտօնը ստանձնելէ 4 ամիս վերջ՝ 27 հոկտեմբերին, Վազգէն Սարգսեան սպաննուեցաւ: Ներքաղաքական լար-ւած իրավիճակը մեղմելու նպատակով Ռոպերթ Քոչարեան վարչապետ նշանակեց անոր եղբայրը՝ Արամ Սարգսեանը, որ պաշտօնավարեց մինչեւ 2000 թուականի մայիսը։ Բազմաթիւ քաղաքագէտներու կարծիքով՝ Արամ Սարգսեանի հեռանալու պատճառը Ռոպերթ Քոչարեանի հետ ունեցած հակասութիւններն էին: Սարգսեանէն ետք գործադիրի ղեկավարի աթոռին նստաւ ամենաերկարակեաց վարչապետը՝ Անդրանիկ Մարգարեան:

Մարգարեան գործադիրի ղեկավար եղած է 2000-2007 թուականներու միջեւ: Ան մահացաւ սրտի կաթուածով: Շշուկներ տարածուեցան, թէ այդ մէկը պատահական մահ չէր, հերքողներ ալ եղան: Մարգարեանին փոխարինեց Սերժ Սարգսեանը, որ 2008-ին դարձաւ Հայաստանի նախագահ, իսկ վարչապետ նշանակեց ուրիշ Սարգսեան մը:

Տիգրան Սարգսեան երկրորդն է իր պաշտօնավարման ժամկէտի երկարութեամբ։ Ան պաշտօնավարեց 6 տարի: 2014 թուականի ապրիլին ՀՀԿ-ի գործադիր մարմնի նիստէն ետք Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, որ Սարգսեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է նախագահին, Սերժ Սարգսեանն ալ ընդունած է զայն: Կարգ մը տեսաբաններ ալ պնդած էին, որ հրաժարականը պայմանաւորուած էր «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի ձախողմամբ, իսկ ոմանք ալ իբրեւ պատճառ կը ներկայացնէին «օֆշորի սքանտալ»ը, «Նաիրիտ»ի թալանն ու աղմկալից այլ պատմութիւններ: Այլ պնդման մը համաձայն՝ Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու նախագիծը հրաժարականի պատճառ դարձած էր: Քաղաքական գործիչներու մէկ հատուածն ալ վստահ էր, որ Տիգրան Սարգսեանի հրաժարականը Քրեմլինի պարտադրանքն էր՝ ան արեւմտամէտ հայեացքներ ունէր: Ինք՝ Տիգրան Սարգսեան ֆէյսպուքի էջի վրայ գրած էր, որ որոշումը ինք առած է ու դեռ ամիսներ առաջ հրաժարականի դիմումը նախագահին ներկայացուցած է: «Սիրելի հայրենակիցներ, տակաւին փետրուար ամսուն ես հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին դիմեցի խնդրանքով՝ ընդունիլ իմ հրաժարականը: Որոշումս հասունցած էր եւ խոր գիտակցուած։ Պայմանաւորուեցանք դիմումի ներկայացման պահը յետաձգել՝ շարք մը կարեւոր պետական միջոցառումներու եւ ՀՀԿ-ի տնտեսական համաժողովի իրականացման անհրաժեշտութենէն մեկնելով: Իմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բոլոր այն մարդոց, որոնց հետ աշխատած եմ եւ, առաջին հերթին՝ հանրապետութեան նախագահին վարչապետի բարձր պաշտօնը ինծի վստահելուն համար: Նոր կառավարութեան կը մաղթեմ հայրենանուէր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք», իր հրաժեշտի ելոյթին ըսած էր Տիգրան Սարգսեան:

13 ապրիլ 2014-8 սեպտեմբեր 2016 թուականներու միջեւ Հայաստանի վարչապետն էր Հովիկ Աբրահամեան: Մօտաւորապէս երկուքուկէս տարի վերջ ալ ան հրաժարական տուաւ: Ելոյթը լսած մարդիկ սկսան խօսիլ, թէ ան կը հեռանայ նախագահէն եւ ՀՀԿ-էն խռոված, արդարանալու եւ իր ուսերէն կառավարութեան ձախողումներու պատասխանատուութիւնը հեռացնելու ակնյայտ ցանկութեամբ: Կ՚ըսուէր նաեւ, որ այս ձեւով ներիշխանական այլընտրանքը կը չէզոքացուի: Աբրահամեան քաւութեան նոխազ է՝ Ռուսաստան իր աշխատակիցներու կազմին մէջ կ՚ուզէ Հայաստանի վարչապետ մը տեսնել: Հայաստանի 13-րդ վարչապետի հեռացումը, սակայն, որեւէ յստակ, հասկանալի բացատրութեան չարժանացաւ: Աբրահամեան իր հրաժեշտի ելոյթին հասարակութեան բեւեռացուած ըլլալու մասին խօսեցաւ:

Հովիկ Աբրահամեանին փոխարինեց Կարէն Կարապետեան:

Ան եկաւ 5-ամեայ զարգացման իր ծրագիրներով, «տրայվ» ու «մուսկուլ» յաճախ կրկնուող բառերով, ոճային հագ ու կապով: Ան նոյնիսկ երկու տարի չպաշտօնավարեց։ Այդ ընթացքին չէին դադրիր ըսել, որ Կարապետեան ընդամէնը անցումային վարչապետ է: Սահմանադրական փոփոխութիւններ ծրագրուեցան, իրականութիւն դարձան: Խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցած Հայաստանին՝ առաջին անգամ վարչապետ ընտրուեցաւ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնը ստանձնեց: Բայց նախ՝ Կարապետեանի մասին:

«Չուրախանաք, պիտի շարունակենք աշխատիլ», սա Կարէն Կարապետեանի կողմէ հնչած խօսք էր, երբ կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ ու այլ տրամադրութիւններ կային։ Յետոյ երբ իրավիճակը փոխուեցաւ, Կարապետեանի հրաժարականի ելոյթին ալ կը սպասէին ամէն վայրկեան, բայց ան կը ձգձգէր. կ՚ըսէին, թէ բանակցութիւնններ կը վարէ ներսի ու դուրսի ուժերու հետ մնալու համար: Գնաց ըսելով՝ «Լաւ եղէք, բոլորիդ լաւ տրամադրութիւն»:

Բայց պաշտօնաթող նախագահը՝ Սերժ Սարգսեանը, որ վարչապետ ընտրուած էր, իր պաշտօնին վրայ մնաց հազիւ տասն օր։ Համաժողովրդական շարժումը իր նպատակին հասաւ եւ վարչապետի պարտականութիւնները մինչեւ Փաշինեանի ընտրութիւնը կը կատարէր առաջին փոխ-վարչապետի պաշտօնակատարը՝ Կարէն Կարապետեան:

Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մեջ առաջինն էր, որ վարչապետ դարձաւ՝ ըլլալով երկրի ընդդիմութեան գլխաւոր առաջնորդը։ Անոր ընտրութեան հիմնաքարը ժողովրդային բողոքի ալիքն էր, որուն վրայ ալ մեծ գրաւ դնելով Փաշինեան Հայաստանը կը տանի դէպի դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու փուլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018