ՍԵՒՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԲԵՄՆԻ ԴՊՐՈՑԻ ՇԷՆՔԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Փարիզի արուարձաններէն Սեւր քաղաքին մէջ յարձակում մը կատարուեցաւ հայկական երբեմնի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքին վրայ, որ կը պատկանի Մխիթարեան միաբանութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ ալ ֆրանսահայ «Les Nouvelles d՚Arménie» ամսագրի գրասենեակը ենթարկուած էր յարձակման։ «Ար-մէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան դատապարտեց այս արարքը եւ ընկերային ցանցերու վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց սոյն դէպքին կապակցութեամբ.
«Լրջօրէն մտահոգուած ենք Սեւրի հայկական Մուրատեան վարժարանի դէմ իրականացուած վանտալիզմի կրկնուող դրսեւորումներով։ Այս գործողութիւնները պէտք չէ մնան անպատիժ»։
Հարկ է յիշեցնել, որ Սեւրի երբեմնի վարժարանի այս շէնքը մօտաւոր անցեալին ալ ենթարկուած էր նման յարձակումներու, ինչ որ խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ սփիւռքեան շրջանակներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի շէնքի արժեւորման խնդիրը միջոցէ մը ի վեր կը գտնուի օրակարգի վրայ։ Կը նախատեսուի այդ ընդարձակ համալիրը գիտամշակութային կեդրոնի մը վերածել։