ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի կողմէ։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակով։ Մայք Փոմփէօ Մնացականեանէ առաջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի վերսկսելէն ի վեր, երէկուան խտացեալ շփումներով ի յայտ եկան ամերիկեան դիւանագիտութեան կողմէ գործադրուած ջանքերը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Փոմփէօ հանդիպման ընթացքին քննարկման առանցքին էր Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Մնացականեան խօսեցաւ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ մարտական գործողութիւններու ժամանակ կատարուած յանցագործութիւններու մասին, որոնք կը դրսեւորուին Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու դիտաւորեալ թիրախաւորմամբ, քաղաքացիական բնակչութեան եւ ռազմագերիներու նկատմամբ նուաստացուցիչ վերաբերմունքով, գլխատումներով եւ սպանութիւններով։ Փոմփէօ ամերիկեան կողմի ցաւակցութիւնը յայտնեց զոհերու կապակցութեամբ։ Տեսակցութեան ընթացքին Մնացականեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի այս բռնութիւնը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւումով, ինչ որ կ՚արտայայտուի անմիջական ռազմաթեքնիկ աջակցութեամբ։ Ան կանգ առաւ նաեւ վարձկան ահաբեկիչներու հակամարտութեան գօտի տեղափոխման խնդրին վրայ։ Մնացականեանի խօսքով՝ Ատրպէյճան որոշած է դառնալ Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտի եւ դաշտ տրամադրել միջազգային ահաբեկչութեան, ինչ որ լուրջ սպառնալիք մըն է տարածքաշրջանի անվտանգութեան համար։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւններու խախտումը եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակուիլը անգամ մը եւս ի ցոյց կը դնեն հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու Ատրպէյճանի նպատակը։

Երկուստեք վերահաստատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի անյապաղ դադրեցման ուղղեալ պայմանաւորուածութիւններու կատարման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս հաշտութեան գործընթացը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

Ուաշինկթընի մէջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ ընդունուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օպրայանի կողմէ։ Մնացականեան տեղեկութիւններ փոխանցեց պատերազմի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրադրութեան եւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ քաղաքացիական բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու զանգուածային թիրախաւորման մասին։ Նախարարը խիստ մտահոգութիւն յայտնեց Հարաւային Կովկասի ուղղեալ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան կապակցութեամբ։ Տարածքաշրջանը այսպէսով անկայունութեան նոր օճախի մը կրնայ վերածուիլ՝ Ատրպէյճանի որպէս յենակէտ օգտագործումով։ Ըստ Մնացականեանի, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին Թուրքիոյ անմիջական ռազմական մասնակցութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն զինեալ ահաբեկիչներու ներմուծումը լուրջ սպառնալիք մըն է ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան համար։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ կրակի անյապաղ դադրեցման մասին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը հնարաւոր է միջազգային լիազօրութեամբ օժտուած միակ ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փոմփէոյի հետ տեսակցութեան ընթացքին Պայրամով նշեց, որ Արցախի հարցին մէջ իր երկրի դիրքորոշումը արդար է՝ հիմնուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերուն վրայ։ Հարկ է նշել, որ Փոմփէօ երբ երէկ կը հիւրընկալէր Մնացականեանն ու Պայրամովը, Ուաշինկթընի մէջ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Ինչպէս Փոմփէօ, այնպէս ալ Օպրայան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Պայրամովը։ Աւելի ուշ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով. «Ռազմական լուծում գոյութիւն չունի»։ Ան կոչ ուղղած է հարցը կարգաւորել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Պետական քարտուղար Փոմփէոն ալ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Մնացականեանի եւ Պայրամովի հետ քննարկած է այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ կը համարուին Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման համար։ Ըստ իրեն, հակամարտ կողմերը պէտք է հրադադար հաստատեն ու վերադառնան բովանդակային բանակցութիւններու։ Փոմփէօ ընդգծած է նաեւ բռնութիւնները դադրեցնելու եւ խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ ընդգծած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ բովանդակային բանակցութիւններու սկսման կարեւորութիւնը՝ Հելսինքիի աքթի սկզբունքներուն՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չգործադրման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հիման վրայ։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ փոխանցուած այս տեղեկութիւններուն զուգահեռ՝ երէկ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Մայք Փոմփէօ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Անոնք քննարկեցին հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը եւ կոչ ուղղեցին ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման համար։ Փոմփէօ եւ Պորել արտաքին կողմերուն կոչ ըրին զերծ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգաւոր գործողութիւններէ։

Այս ամբողջ իրադարձութիւնները երէկ իմաստաւորուեցան ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարած յայտարարութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, ըստ Թրամփի, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ շատ լաւ յառաջընթաց արձանագրուած է։ «Մենք կը խօսինք այդ մասին, մենք կը խօսինք Հայաստանի հետ։ Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ, այնտեղ շատ լաւ մարդիկ կ՚ապրին։ Շատ նպատակասլաց, անհաւանական մարդիկ են։ Տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ», յայտնեց Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն։ Ան աւելցուց, որ կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն։ Այդ կէտին վրայ լրագրողներ իրեն հարց տուած են, թէ շփուա՞ծ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։ Խուսափողական պատասխանով մը ան ըսած է հետեւեալը. «Չեմ ուզեր այդ մասին խօսիլ»։

Ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնն ալ արձագանգած է Թրամփի յայտարարութիւններուն, թէ լաւ յառաջընթաց արձանագրուած է ռազմական գործողութիւնները աւարտելու ուղղութեամբ։ Թրամփ նշած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ կ՚ապրին Հայաստանէն մեծ թիւով մարդիկ։ «Հրաշալի մարդիկ են, մենք անոնց պիտի օգնենք», ըսած է ան։

Այս բոլորը արձագանգ գտած է նաեւ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ անդրադառնալով Թրամփի խօսքերուն ըսաւ. «Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ի՞նչ յառաջընթացի մասին է խօսքը»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020