ԵԱՀԿ-Ի ՄՇՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Երէկ, Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Ժողովին ժամանակ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպան Պապիկեան ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու նկատառման յանձնեց Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս ահաբեկչական մարտիկներու գոյութեան հարցը։ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ բռնութիւնները տեղի կ՚ունենան անոնց ներգրաւումով։ Արմէն Պապիկեան տեղեկութիւններ փոխանցեց հակամարտութեան գօտիի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ, անդրադարձաւ ռազմաճակատի վիճակին, ներկայացուց նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական հարթութեան շփումները։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան կ՚ոտնահարէ մարդասիրական հրադադարի հաստատումը։ Հակառակ երկու անգամ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, Ատրպէյճան գործած է Թուրքիոյ ուղղակի ազդեցութեան տակ եւ այդպէսով մարդասիրական հրադադարը ձախողած է։ Ատրպէյճան կը մերժէ նաեւ համագործակցութիւնը Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին հետ։ Վիեննայի ժողովի ընթացքին Արմէն Պապիկեան առանձնապէս ընդգծեց Անգարայի ուղղակիօրէն ներգրաւուած ըլլալը։ «Այս պատերազմին մէջ հիմնական դերակատարը Ատրպէյճանը չէ։ Սա նախաձեռնած է Թուրքիան՝ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու իր երազանքին հասնելու նպատակով», պնդեց դեսպանը։ Բաց աստի, ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին մատակարարուած սպառազինութիւններուն շուրջ։ «Արցախի եւ անոր ժողովուրդին դէմ մղուած լայնածաւալ պատերազմով Ատրպէյճան անգամ մը եւս ապացուցանեց, թէ երբեք ու որեւէ կարգավիճակով Արցախ չի կրնար անոր մաս կազմել։ Միայն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախ պետականութեան միջազգային ճանաչումը կրնայ երաշխաւորել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ քաղաքական եւ իրաւական ձեւաչափը», ըսաւ Պապիկեան։

Միջազգային հարթութեան վրայ զանազան ձեւաչափերու մէջ կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի արծարծումը։ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայն նախընթաց օր ընկերային ցանցերու վրայ կոչով մը հանդէս եկած էր՝ հրադադարի գործադրութեան համար։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք երրորդ պետութիւններուն՝ չմիջամտել հակամարտութեան, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին՝ հրադադարի ստուգման դրութիւններ ստեղծել», նշած էր ան եւ յիշեցուցած, թէ մշտական կապի մէջ է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Գանատացի նախարարը երէկ ալ Արցախի պատերազմին կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ, որ վերջերս այցելած էր Երեւան։ Ըստ Շամփայնի, քննարկուած են տարածքաշրջանի ընթացիկ անվտանգութեան հարցերը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը, որու կապակցութեամբ ծայրայեղ քայլերու պէտք է ձեռնարկուին՝ բռնութեան վերջ տալու նպատակով։

Զօհրապ Մնացականեանն ալ, որ երէկ Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուէր, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասսիսի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Զուիցերական կողմը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը՝ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ի նպաստ։

ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ

Միւս կողմէ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Ան խնդրեց հնարաւոր բոլոր ջանքերը գործադրել՝ Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան գօտիէն ներս պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020