ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՈՒՆԻՆ ՆՈՅՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին նոյն իրաւունքները։

Նախագահ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ ուրբաթի աղօթքէ դուրս գալու ժամանակ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Իր խօսքով՝ այս հարցին մէջ Անգարա եւ Մոսկուա ունին նոյն իրաւունքները։ «Գիտէք՝ Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ է։ Սակայն, դժբախտաբար, եռանախագահութիւնը ցայսօր արդիւնքի չէ հասած։ Ատրպէյճան իրաւացի պահանջ մը կը դնէ՝ ըսելով, եթէ Հայաստան կ՚առաջարկէ Ռուսաստանը, ուրեմն իրենք ալ Թուրքիան յառաջ կը քշեն։ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ սահմանային անվտանգութեան, խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան միասին գործեն», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, նախագահը դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան հակամարտութեան կարգաւորման Թուրքիոյ մասնակցութեան շուրջ որեւէ պահանջ չի ներկայացներ։ Այս առումով Մոսկուայէն բացասական կարծիք մը չէ հնչած։ «Ցարդ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցերուն մէջ միասին աշխատած ենք, մեր ցանկութիւնն է նոյն ձեւով յաջողութեամբ աշխատիլ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդրի լուծման ուղղութեամբ», ըսաւ Էրտողան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային համաձայնեցուած հրադադարները չեն յարգուած։

ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՉԸ

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ Պրիւքսելի մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին։ Ան չպատասխանել նախընտրեց այն հարցումին, որ կը վերաբերէր ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ օգնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան վարձկաններու փոխադրութեան։ Սթոլթենպերկ դիտել տուաւ, որ ՆԱԹՕ հակամարտութեան կողմ չէ ու կը սատարէ խաղաղ լուծում մը գտնելու ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։ «Կոչ կ՚ուղղենք դադրեցնել կրակը, գտնել դիւանագիտական, խաղաղ լուծում։ Մենք կողմերուն յստակ ազդանշան կու տանք, որ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումը անհրաժեշտ է», ըսաւ ան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ հարցազրոյց տուաւ ճաբոնական թերթի մը։ Ան յայտնեց, որ պատրաստ է հանդիպիլ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, սակայն, իր համոզմամբ, կողմերը հեռու են հարցի կարգաւորումէն։ «Ռուսաստանի նախագահը զիս նման հանդիպումի մը չէ հրաւիրած։ Նման (եռակողմանի) հանդիպում մը Մոսկուայի մէջ հնարաւոր է, նման հանդիպումներ նախապէս ալ եղած են։ Բայց սա կախում ունի հանդիպման օրակարգէն։ Դժբախտաբար Հայաստանի կառավարութիւնը հեռու է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարէն», նշեց Ալիեւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020