ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ. «ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՄԸՆԿՆԻՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՇՈՒՐՋ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ չեն համընկնիր Մոսկուայի եւ Անգարայի դիրքորոշումները։ «Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին՝ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները 30 տարուայ ընթացքին արդիւնք չէ տուած, ապա սա չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։ Մոսկուա կողմնակից է քաղաքական կարգաւորման», ըսաւ Փութին։

«ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներով, Փութին նշեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային թրքական եւ ռուսական կողմերու դիրքորոշումները չեն համընկնիր։ Ան շարունակեց. «Մենք կը կարծենք, որ վիճայարոյց հարցերը, այնուամենայնիւ, պէտք է լուծել ո՛չ թէ ուժի միջոցաւ, ո՛չ թէ զէնքի օգնութեամբ, այլ դիւանագիտական միջոցաւ՝ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»։ Առցանց հաւաքոյթի մը ընթացքին Փութին նշեց. «Սա Թուր-քիոյ նախագահի յաջորդական դիրքորոշումն է։ Ան չի ճանչնար Խրիմը, ան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը։ Բայց ի՞նչ մեր կողմէ։ Պէտք է յամառօրէն աշխատինք բոլորին հետ, զինուինք համբերութեամբ, ինչը եւ կ՚ընենք, պէտք է ապացուցանենք բոլորին, որ մեր դիրքորոշումը ճիշդ է ու մենք զայն կը պաշտպանենք։ Իսկ այն հարցերուն մէջ, որոնց պարագային մեր մօտեցումներն ու դիրքորոշումները չեն համընկնիր, պէտք է փոխզիջում փնտռել»։

Վլատիմիր Փութին աւելի վերջ բացատրեց, որ Ռուսաստան յատուկ պատասխանատուութիւն կը զգայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար, սակայն իրեն համար անհրաժեշտ է աջակցութիւն ունենալ՝ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կողմէ։ Ակնարկելով Ուաշինկթընի երէկուան նախարարներու շփումներուն՝ Փութին յոյս յայտնեց, որ ԱՄՆ Ռուսաստանի հետ միասին կը գործէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։

Այս բոլորէն վերջ ռուս ղեկավարը դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պետութիւններու միջեւ պայքար չէ տարածքի համար։ Ան սկսած է էթնիք առճակատումէ։ Սումկայիթի մէջ, յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուեցան դաժան յանցագործութիւններ հայ ժողովուրդի դէմ։ «Ցաւօք, սա փաստ է։ Մենք այս բոլորը պէտք է հաշուի առնենք», շեշտեց Փութին եւ աւելցուց, որ տարիներ շարունակ զանազան առաջարկներ ըրած են տագնապը կարգաւորելու համար, որպէսզի կայունացնեն կարգավիճակը երկար պատմական հեռանկարով։ «Բայց հաւատացէք, սա դիրքորոշումներու մօտեցման լարուած աշխատանք եղած է։ Որոշ պահերու մէջ կը թուէր, որ քայլ մը վերջ մենք որոշում կը գտնենք։ Դժբախտաբար, սա տեղի չունեցաւ եւ այսօր կայ հակամարտութիւն վատագոյն դրսեւորումով։ Ողբերգութիւն է, որ մարդիկ կը զոհուին», շարունակեց Փութին եւ ընդգծեց, որ կողմերը ունին հազարաւոր զոհեր։ Ըստ իրեն, ուշագրաւ է, որ Աֆղանիստանի պատերազմի տասն տարիներու ընթացքին 13 հազար մարդ զոհուած էր, իսկ այս կարճ ժամանակահատուածին Արցախի պարագային կորուստները հազարաւոր են։ «Վիրաւորներ կան, մարդիկ կը տառապին՝ երեխաներ։ Սա մեզի համար իւրայատուկ իրավիճակ մըն է», նշեց Փութին։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԵՍՔՈՎ

Փութինի այս յայտարարութիւններուն առընթեր, Արցախի հիմնախնդրին շուրջ վերջին օրերուն «ԹԱՍՍ» գործակալութեան բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով, որ ըսաւ. «Առայժմ կարելի չէ արձանագրել, որ կրակի դադրեցման, մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը պահպանուին։ Ցաւօք, կողմերը չեն պահպաներ զանոնք»։ Ըստ Փեսքովի, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Ռուսաստան ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի խնդիրը տեղափոխուի քաղաքական-դիւանագիտական հուն։ Ռուսական կողմը կը պատրաստուի ապագային ալ բոլոր ջանքերը գործադրել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ «Փութին ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման անցնին», նշեց բանբերը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Տիմիթրի Փեսքով դիտել տուաւ, որ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման կրնայ մասնակցիլ՝ միայն հակամարտ կողմերու համաձայնութեան պարագային։ Երրորդ կողմերու մասնակցութիւնը ամբողջութեամբ ու լիովին կախուած է հակամարտ կողմերու քաղաքական կամքէն։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուց, որ Մոսկուա կը շարունակէ աշխոյժ միջնորդական ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս արիւնահեղութեան դադրեցման համար։ «Ինչպէս եւ նախապէս, կ՚աշխատինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ», ըսաւ Զախարովա եւ աւելցուց, որ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան պահպանման ուղղութեամբ Ռուսաստան համագործակցութիւն կը ծաւալէ նաեւ Իրանի հետ։

Ըստ Զախարովայի, ռուս ռազմական փորձագէտները վերահսկողութեան տակ կը պահեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս օտար գրոհայիններու ներկայութեան հարցը։ «Մեզի համար սա իսկապէս լուրջ խնդիր մըն է», ըսաւ բանբերը։ Ան վստահեցուց, որ ոչ-հրապարակաւ աշխոյժ աշխատանք կը տարուի այս հարցին շուրջ՝ արտաքին քաղաքական, դիւանագիտական ալիքներով։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Օլէկ Սիրոմոլոթով եւս կարեւորեց հակամարտութեան գօտիէն ահաբեկիչներու անյապաղ դուրս բերուիլը։ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի հետ երէկուան հանդիպման ընթացքին ան քննարկեց հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Անընդունելի նկատուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքէ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շարք մը երկիրներէն ապօրինի զինեալներու տարածքաշրջան տեղափոխուիլը։ Ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է անոնց անյապաղ ձեւով հակամարտութեան գօտիէն դուրս բերուիլը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՔՐԱՍՈՎ

Արցախի պատերազմին շուրջ վերջին օրերուն Մոսկուայէն ձայն բարձրացուցած պաշտօնատարներու շարքին էր Ռուսաստանի Պետական տումայի երեսփոխաններէն Անտրէյ Քրասով, որ Պաշտպանութեան կոմիտէի առաջին փոխ-նախագահն է։ Այս վերջինը յայտնեց, որ Ռուսաստան չի ծրագրեր գործողութիւններ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Այս դիրքորոշումը համաձայնեցուած է երկրի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020