ՓԱԿՈՒՂԻԻ ՄԷՋ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւանի համար ընդունելի է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Ռուսաստանէն խաղաղապահ զօրքերու տեղակայումը։ Արցախի ծաւալուն ռազմական գործողութիւններով պայմանաւորուած թէժ իրավիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան երկարաշունչ հարցազրոյց մը տուաւ «Ինթերֆաքս» ռուսական գործակալութեան։ «Խաղաղապահներու մուտքը հակամարտութեան տարածքաշրջան ընդունելի է հայկական կողմին համար եւ անոնք կրնան ըլլալ ռուս խաղաղապահներ։ Կրնամ ըսել, որ Ատրպէյճանի պատկերացումները խաղաղապահներու կազմին վերաբերեալ չեն համընկնիր Հայաստանի պատկերացումներուն հետ։ Եթէ խօսինք փոխադարձ զիջումներու մասին՝ որպէս փոխզիջումային տարբերակ կրնայ ընդունուիլ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը։ Ռուսաստան լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի հետ։ Շատ կարեւոր է հաշուի նստիլ տարածքաշրջանի այլ երկիրներու կարծիքներուն հետ, որպէսզի խաղաղապահ ուժերը կայունացնեն իրավիճակը, ոչ թէ հակառակը», ըսաւ Փաշինեան։

Ծաւալուն հարցազրոյցի տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան բացատրած է, որ հայկական կողմի նպատակն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչումը։ Փաշինեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները, ըստ որոնց բացառուած չէ մշակութային ինքնավարութեան հաւանականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Այս կապակցութեամբ Փաշինեան ըսաւ, որ շուրջ քսան տարիէ ի վեր այս դիրքորոշումը կը բարձրաձայնուի Ատրպէյճանի կողմէ, ինչ որ ընդունելի չէ հայկական կողմին համար։ «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է պաշտպանուած ու յարգուած ըլլայ», ըսաւ ան։

«Ինթերֆաքս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Մերձաւոր Արեւելքէն հակամարտութեան գօտի տարուած եւ Ատրպէյճանի բանակին մէջ ընդգրկուած վարձկան ահաբեկիչներու հարցին։ Ըստ Փաշինեանի, հայկական կողմը անոնց դէմ կը պայքարի իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։ Բայց եւ այնպէս, իր համոզմամբ, այս հարցին պէտք է խառնուին այն երկիրները, որոնց ազգային անվտանգութեան համար այս իրավիճակը յստակ սպառնալիք կը ներկայացնէ։ Ուստի, հակամարտութեան գօտիին մէջ ահաբեկիչներու չէզոքացումը Փաշինեան կ՚ընկալէ հակաահաբեկչական գործողութեան մը ձեւաչափով։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը արդէն վաղուց դուրս եկած է զուտ այս հիմնախնդրի շրջանակէն։ Գործնականին մէջ բազմաթիւ երկիրներ արդէն պաշտօնապէս ընդունած, ճանչցած եւ հաստատած են այս հանգամանքը։ «Կը կարծեմ ու կը յուսամ, թէ ապագայ արձագանգը նոյնպէս կ՚ըլլայ այն ոգիին մէջ», ըսած է վարչապետը։

Ներկայ դրութեամբ Նիկոլ Փաշինեան իրատես չի համարեր դիւանագիտական լուծման մասին խօսիլը, քանի տակաւին Ատրպէյճանի դիրքորոշումը չէ փոխուած։ «Դիւանագիտական լուծում կը նշանակէ փոխզիջում։ Խնդիրը այն է, որ ընդհանրապէս ամբողջ բանակցային գործընթացի ու մասնաւորապէս՝ վերջին տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ բան մը։ Եթէ Հայաստան կը յայտարարէ կամ կ՚ըսէ, որ այս կամ այն փոխզիջումը ընդունելի է իրեն համար՝ տուեալ պահուն հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանի տեսակէտէ ալ ընդունելի փոխզիջում մը կայ։ Բայց այն պահուն, երբ Ատրպէյճան կը հասկնայ, որ Հայաստան պատրաստ է փոխզիջումի մը, իրեն համար այն փոխզիջումը կը դառնայ անընդունելի։ Այսինքն՝ ամէն անգամ այն պահուն, երբ Հայաստան փոխզիջումի մը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, Ատրպէյճան աւելին կը պահանջէ։ Եւ սա կը շարունակուի արդէն ինն տարիէ, կամ նոյնիսկ աւելի երկար ժամանակաշրջանէ ի վեր։ Ահա ես այս բանը նկատի ունիմ՝ ըսելով, որ քանի դեռ Ատրպէյճանի այս դիրքորոշումը չէ փոխուած, իրատես չէ դիւանագիտական լուծման մասին խօսիլը։ Բայց Ատրպէյճանի այս դիրքորոշումը փոխելու ուղղութեամբ դիւանագիտական աշխատանք կատարելը անհրաժեշտ է։ Սա դիւանագիտական աշխատանք է եւ ես շատ բարձր կը գնահատեմ այն ջանքերը, որոնք կը ներդրուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանի կողմէ», ըսաւ Փաշինեան։

Ի դէպ, իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Փաշինեան նշած է, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը ըլլալէ աւելի սա Թուրքիոյ դիրքորոշումն է, ինչ որ կը ցոլանայ՝ որպէս Ատրպէյճանի դիրքորոշումը։ Այլ հարցումի մը պատասխանելով Փաշինեան դիտել տուած է, որ Հայաստան միշտ պատրաստ եղած է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու առանց որեւէ նախապայմանի։ «Ի հարկէ, այս իրադարձութիւնները, այս պատերազմը լարուածութիւնը կ՚աւելցնեն յարաբերութիւններու մէջ, բայց, ինչպէս Ատրպէյճանի պարագային պատրաստ ենք դիւանագիտական երկխօսութեան, այնպէս ալ Թուրքիոյ պարագային», ըսաւ Փաշինեան։

Հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց, որ պատրաստ է Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու, սակայն պէտք է ըլլան անհրաժեշտ նախադրեալներ՝ հանդիպման արդիւնաւէտութեան համար։

Հայաստանի վարչապետը տարակուսանք չէ յայտնած Ռուսաստանի աջակցութեան կապակցութեամբ՝ յիշեցնելով նաեւ վերջին շրջանին կատարուած զանազան յայտարարութիւնները։ «Ռուսաստան մեզի կ՚աջակցի այնտեղ, ուր հնարաւոր է», նշած է ան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2020