ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ «SON AKŞAM YEMEĞİ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շրջանակէն ներս, երէկ երեկոյեան, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Քանիոն» առեւտուրի կեդրոնի համալիրի «Paribu Cineverse» շարժանկարի սրահին մէջ կազմակերպուած երեկոյթը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Սա առաջին ցուցադրութիւնն էր՝ Հանրապետութեան դարադարձին ձօնուած «Son Akşam Yemeği» ժապաւէնին, որու ներկայացումէն առաջ յայտնի երաժիշտ Ֆահիր Աթաքօղլու նուագահանդէս մը սարքեց։ Նոյն առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին ծրագրին մասնակից արուեստագէտները։
Յոբելեանով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն՝ մինչ կալա-երեկոյթի հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուէին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններէն ներկայացուցիչներ։