Կիրակի 29, Դեկտեմբեր 2024
ԵՐԵՒԱՆ. «ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ ՉՈՒՆԻ»
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Անգարայի մէջ պատահած դէպքին։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը որեւէ արդարացում չունի։
«Հայաստան դէմ է ահաբեկչութեան բոլոր դրսեւորումներուն եւ նման բռնի գործողութիւններու։ Ինչպէս ցոյց տուաւ այսօր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը, ահաբեկչութեան եւ անմեղ մարդոց վնաս հասցնելու համար որեւէ արդարացում գոյութիւն չունի։ Ինչպէս բազմիցս արտայայտուած է, Հայաստան դէմ է ահաբեկչութեան որեւէ ձեւի եւ նման բռնի գործողութիւններու», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2024