ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Ռուսաստանի Քազան քաղաքէն ներս ընթացքի մէջ է BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը, որ այս օրերուն միջազգային բեմահարթակի կարեւորագոյն իրադարձութիւններու շարքին կը դասուի։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս գագաթաժողովին առթիւ մեկնած է Քազան, ուր երէկ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քազանի մէջ է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Օրուան տեւողութեան կը նախատեսուի նաեւ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը։ Գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
Էրտողանը հիւրընկալելու ժամանակ Փութին յայտնեց, որ Ռուսաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ BRICS-ի անդամակցութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Էրտողան յոյս յայտնեց, որ Փութինը կը հիւրընկալէ Թուրքիոյ մէջ։ Ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի սերտ ներդաշնակութեան Սուրիոյ կապակցութեամբ, ինչ որ բոլոր կողմերու շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր է։ Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիա վճռական է բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին մէջ, գլխաւորութեամբ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի։ Բաց աստի, ան կարեւորեց միասնական դիմադրութիւնը այն նախաձեռնութիւններու դէմ, որոնք Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը կրնան վնասել։
Իր կարգին, Փութինն ալ մատնանշեց Թուրքիոյ աշխարհագրական առանձնայատկութիւնը՝ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ, նաեւ կարեւորեց Մերձաւոր Արեւելքէն ներս բանալի դիրքը։ Ուստի, Անգարա-Մոսկուա համագործակցութիւնը ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փեզեշքիանն ալ Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ ընդգծեց, որ իր երկրին տեսակէտէ առաջնահերթութիւն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Փաշինեան եւ Փեզեշքիան ընդգծեցին Երեւանի եւ Թեհրանի հետեւողական քայլերուն նշանակութիւնը՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ։