ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ ՅԱՆՁՆԵՑ ԱՐԽԻՒԸ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր որոշեց իր արխիւը յանձնել «Տողուշ» խմբակին։ Այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ ուր կը շեշտուի, թէ մեծանուն վարպետին արխիւը կ՚արժէ մօտաւորապէս 3 միլիոն եւրօ։ Արա Կիւլէր կը փափաքի, որ իր լուսանկարները ներկայացուին թանգարանի մը մէջ, որ պիտի կոչուի իր անունով։ «Տողուշ» խմբակի ղեկավար Ֆերիթ Շահէնքի յամառ փափաքով իրականացուած է այս համաձայնութիւնը։ Համագործակցութեան ու գործընկերութեան համաձայնութեան մը ձեւաչափին մէջ, մտային ու գեղարուեստական գործերու օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, Արա Կիւլէր իր իսկ արխիւին բոլոր իրաւունքները պիտի յանձնէ նոր ստեղծուելիք ընկերութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան 40 տոկոս շահաբաժին պիտի ունենայ այդ նոր ստեղծուելիք ընկերութեան մէջ։
Տեղական մամուլին մէջ լոյս տեսած մանրամասնութիւններով, Արա Կիւլէրի լուսանկարչութեան վերաբերեալ բոլոր գործիքները եւ արխիւը, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի մէջ «Արա» սրճարանին գտնուած շէնքը իբրեւ դրամագլուխ պիտի ծառայեն նոր ստեղծուելիք ընկերութեան։ «Տողուշ» խմբակը Արա Կիւլէրին եւ ժառանգորդներուն ամէն ամիս պիտի կատարէ 50 հազար թրքական լիրա անդորրավճար։