ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Թեհրան, ուր մասնակցեցաւ Կազ արտածող երկիրներու ֆորումի գագաթաժողովին։ Ան այս շրջագծով հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի կրօնապետ Ալի Խամանէյի եւ Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Մոսկուայի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ ճգնաժամը։
«Ոեւէ մէկը չի կրնար Սուրիոյ ժողովուրդին դուրսէն պարտադրել ու պէտք չէ պարտադրէ պետութեան կառավարման որեւէ ձեւ եւ անձ, ինչ որ պէտք է կատարուի իր իսկ կողմէ։ Սա պէտք է որոշէ միայն Սուրիոյ ժողովուրդը», յայտարարեց Վլատիմիր Փութին Թեհրանի մէջ։ Հասան Ռուհանիի հետ զրուցելու ընթացքին Վլատիմիր Փութին դարձեալ առաջնահերթօրէն կանգ առաւ այս հարցին վրայ։ Անոնք պիտի շարունակեն իրենց գործողութիւնները համակարգել ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին շրջագծով ու մտադիր են ամրապնդել գործակցութիւնը՝ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման հարցին մէջ։ Մոսկուայի եւ Թեհրանի գործակցութիւնը կը նախատեսուի նաեւ Սուրիայէ ներս համապարփակ գործընթացի մը շրջագծով որոշումներ կեանքի կոչելու ծիրին մէջ։ Հասան Ռուհանիի կողմէ կատարուած համապատասխան յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ալի Խամանէյն ալ Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին բարձր գնահատած է Ռուսաստանի դերակատարութիւնը տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։
Մինչ այդ, իրանական լրատուամիջոցները Փութինի այցելութեան օրերուն յայտարարեցին, որ սկսած է ռուսական C-300 հրթիռներուն Իրանի փոխանցումը։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, թէ ժամանակն է, որ Մոսկուա ընդունի ռազմավարական որոշում մը։ Օպամա կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստան պայքարի ԻՇԻՊ-ի դէմ։