ՕԼԱՆՏԻ ԱՄՆ ԱՅՑԸ
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչութենէն վերջ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այսօր կ՚այցելէ Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ Տան մէջ կը տեսակցի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ միջազգային պայքարը սաստկացնելու որոնումներուն մէջ է Փարիզի ղեկավարութիւնը, որ այս նպատակով կ՚իրականացնէ խտացեալ շփումներ։ Այս ջանքերուն շրջագծով կարեւորագոյն հանգրուաններէն մին է Օլանտի այսօրուան այցը, մանաւանդ, որ երկու օր վերջ ալ ան պիտի ուղեւորուի Մոսկուա, այս անգամ Քրեմլինի մէջ տեսակցելու համար Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս երկու կարեւորագոյն այցելութիւններուն ընդառաջ, երէկ Փարիզ այցելեց Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն։ Էլիզէի պալատին մէջ Օլանտ Քեմրընի հետ քննարկեց Սուրիոյ իրավիճակը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Ֆրանսացի ղեկավարը ըսաւ, թէ իրենց այսօր գլխաւոր թշնամին ԻՇԻՊ-ն է Սուրիոյ մէջ։ Փարիզ եւ Լոնտոն յառաջիկայ շրջանին պիտի խստացնեն ԻՇԻՊ-ի դէմ հարուածները։ Տէյվիտ Քեմրըն Փարիզի մէջ առաջարկած է, որ Ֆրանսա ԻՇԻՊ-ի դէմ գործողութիւններուն համար օգտագործէ անգլիական այն երկու ռազմախարիսխները, որոնք կը գտնուին Կիպրոսի մէջ։ Քեմրըն համոզուած է, որ ԻՇԻՊ ուղղակիօրէն կը սպառնայ անվտանգութեան եւ անոր դէմ միջամտելու համար անկարելի է համբերել մինչեւ Սուրիոյ գործընթացին աւարտը։ Իսկ Ֆրանսուա Օլանտ Փարիզի մէջ Քեմրընի հետ յայտարարեց, որ միջազգային հանրութեան նպատակն է ԻՇԻՊ-ի ոչնչացումը։
Մինչ այդ, Ֆրանսայի բանակը կը շարունակէ ԻՇԻՊ-ի դէմ սաստիկ ռմբակոծումները։ «Շարլ Տը Կոլ» օդանաւերու ռազմանաւը արդէն Միջերկրականի մէջ է եւ անոր տախտակամածով ֆրանսական ռազմաօդային ուժերը առաջին հարուածները հասցուցին ԻՇԻՊ-ի դէմ։ Բաց աստի, ֆրանսական ուժերը Սուրիոյ առընթեր Իրաքի տարածքէն ներս ալ առաջին հարուածները հասցնել սկսան ԻՇԻՊ-ի դիրքերուն։ Կը նախատեսուի, որ յիշեալ ռազմանաւը շուրջ չորս ամիս մնայ Միջերկրականի արեւելքին։ Ֆրանսայի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Փիէռ Տը Վիլյէն ալ ներկայիս կը գտնուի «Շարլ Տը Կոլ» ռազմանաւուն վրայ՝ վերահսկելով գործողութիւնները։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի զօրքերն ալ Սուրիոյ մէջ ոչըն-չացուցին աւելի քան 250 բեռնատարներ, որոնք նաւթ կը փոխադրէին ԻՇԻՊ-ի հաշւոյն։ Այս տեղեկութիւնը հաղորդուեցաւ ռուսական աղբիւրներուն կողմէ եւ յիշեցուեցաւ, որ ամերիկեան զօրքերը անցեալ շաբաթ ալ ոչնչացուցած էին եւս 116 բեռնատարներ, որոնք ԻՇԻՊ-ի հաշւոյն քարիւղ կը փոխադրէին։