ՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէ եր­կու ծա­նօթ, աշ­խոյժ եւ շատ սի­րուած դէմ­քեր՝ Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեանն ու Նաժ­տա Շա­տեա­նը։ Այս շրջա­նին Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան եւ Նաժ­տա Շա­տեան մաս կը կազ­մեն յո­բե­լե­նա­կան կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին։ Ուս­տի, ա­նոնք փու­թա­ցած էին մե­զի փո­խան­ցե­լու հա­մար յո­բե­լե­նա­կան ծրագ­րի շա­րու­նա­կու­թեան շուրջ։

Ան­ցեալ ամ­րան վեր­ջա­ւո­րու­թեան այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ պի­տի կազ­մա­կեր­պուէր տա­րազ­նե­րու տո­ղանցք մը, սա­կայն Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի կո­ղակ­ցին՝ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի ան­ժա­մա­նակ մա­հուան պատ­ճա­ռով յե­տաձ­գուած էր այդ մէ­կը։ Ուս­տի, ներ­կա­յիս յե­տաձ­գուած այդ ձեռ­նար­կը կեան­քի պի­տի կո­չուի՝ միա­ցեալ ձե­ւա­չա­փի մը մէջ։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի յիս­նա­մեա­կին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած է ճաշ­կե­րոյթ մը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս։ Ե­րէ­կուան հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան եւ Նաժ­տա Շա­տեան յայտ­նե­ցին, որ տա­րազ­նե­րով տո­ղանց­քը պի­տի նա­խոր­դէ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին եւ այս­պէ­սով հա­մա­պար­փակ ձեռ­նարկ մը ի­րա­կա­նա­ցուած պի­տի ըլ­լայ։ Ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­զա­կի յայ­տա­գիր մը պատ­րաս­տուած է ճաշ­կե­րոյ­թին հա­մար։ Իս­թան­պու­լա­հայ մեր գրե­թէ բո­լոր յայտ­նի եր­գիչ­նե­րը պի­տի մաս­նակ­ցին ե­րե­կոյ­թին։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի բո­լո­րած հինգ տաս­նա­մեակ­նե­րուն ժա­մա­նակ ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նած գոր­ծիչ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ խորհր­դան­շա­կան երգ­չա­խումբ մըն ալ կազ­մուած է Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Այդ խումբն ալ իր եր­կու եր­գե­րով պի­տի մաս­նակ­ցի յո­բե­լե­նա­կան խան­դա­վա­ռու­թեան։

Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան եւ Նաժ­տա Շա­տեան ընդգ­ծե­ցին, որ Կազ­դուր­ման կա­յա­նը մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ե­զա­կի դիր­քով հաս­տա­տու­թիւն մըն է եւ կար­գա­դիր յանձ­նա­խումբն ալ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջան­քե­րը կը գոր­ծադ­րէ՝ ա­նոր յո­բե­լեա­նի լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւոր­ման հա­մար։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը ջա­նան ա­պա­հո­վել՝ որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս մաս­նակ­ցու­թիւն ըլ­լայ այս ծրագ­րին եւ բո­լո­րը ընմ­բոշխ­նեն ա­նոր առ­թած տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016