ՔՈՉԱՐԵԱՆ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ՊԱՔՈՒԻ ԹԱՔՈՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րո­շու­մը պատ­ճառ դար­ձած է այն­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կի մը, որ ան­կա­րե­լի է յա­ռա­ջըն­թաց ակն­կա­լել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայտ­նեց, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց չկայ ու ներ­կայ փու­լին ան­կա­րե­լի է այդ ուղ­ղու­թեամբ սպա­սում մը ու­նե­նալ՝ ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին չեն ի­րա­կա­նա­ցուած Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը։ «Բուն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ան­կա­րե­լի է յա­ռա­ջըն­թաց ակն­կա­լել, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին կայ պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման սպառ­նա­լի­քը, տա­կա­ւին կող­մե­րուն մի­ջեւ չկայ վստա­հու­թիւն, տա­կա­ւին կը կրա­կեն, շփման գծին սադ­րանք­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն։ Միջ­նորդ­նե­րու, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու երկ­րորդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, դժբախ­տա­բար կը դառ­նայ ա­ռա­ջի­նը եւ ա­նոնք կը զբա­ղին, որ­պէս­զի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չվերսկ­սին», ը­սաւ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան։

Ըստ Շա­ւարշ Քո­չա­րեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար հիմք կը հան­դի­սա­նան Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք ըն­դու­նե­լի չեն ե­ղած հա­կա­մարտ կող­մե­րէն մէ­կուն հա­մար։ Այլ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ գո­յու­թիւն չու­նի։ Այս պա­հուն միակ փաս­տա­թուղ­թը այդ մէկն է։ Հա­կա­մարտ կող­մե­րէն եր­կու­քը այդ մէ­կը ըն­դու­նած են որ­պէս հիմք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Մատ­րի­տեան սկզբունք­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կող­մէ չեն ըն­դու­նուած որ­պէս հիմք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար։

Փոխ-նա­խա­րա­րը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ վեր­ջին օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ կա­տա­րուած ռազ­մա­տենչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, այդ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը վկա­յու­թիւն մըն է այն մա­սին, որ Ատր­պէյ­ճան այս­քան ժա­մա­նա­կէ ի վեր հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը օգ­տա­գոր­ծած է որ­պէս քօղ եւ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ վա­րած է բո­լո­րո­վին այլ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը։ Սա է պատ­ճա­ռը, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր յա­ռա­ջըն­թաց չ՚ար­ձա­նագ­րուիր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս։ «Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ ցոյց տալ, թէ կը բա­նակ­ցի, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այլ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին կը տա­րա­ծէ իր քա­րոզ­չու­թիւ­նը, որ հիմ­նուած է հա­կա­մար­տու­թեան էու­թիւ­նը ա­ղա­ւա­ղե­լու վրայ։ Կը պնդէ, որ այս­տեղ չկայ ինք­նորշ­ման խնդիր, այլ սա ըն­դա­մէ­նը տա­րած­քա­յին վէճ մըն է։ Այս­պէ­սով Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ պա­րարտ հող պատ­րաս­տել ա­պա­գայ ռազ­մա­կան լուծ­ման հա­մար», ը­սաւ փոխ-նա­խա­րա­րը։

Շա­ւարշ Քո­չա­րեան մի­ջոց մը ա­ռաջ ալ «Ար­ցախփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ անդ­րա­դար­ձած էր նոյն հար­ցին։ Ան յայտ­նած էր, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կան­խամ­տա­ծուած գոր­ծե­լաո­ճը ա­նայ­լընտ­րանք կը դարձ­նէ առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պա­րա­գա­յին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016