ՍՊԱՍԵԼՈՎ ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ 20-ԻՆ ԿԱՄ Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼԵԼ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԷՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անօրինակ ընտրութիւնները ճիշդ է՝ մեր ետին մնացին։ Բայց եւ այնպէս, երկրի 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ իր ամբողջական ներուժը լարել՝ փորձելով երկրի քաղաքացիներուն ըսել, թէ ընտրութիւնները այնուամենայնիւ անարդար էին եւ կարգ մը նահանգներու մէջ «ընտրակեղծիքներ»ը պէտք է բացայայտուին ու նոյնիսկ կատարուին նոր ընտրութիւններ։ Սա մետայլի մէկ երեսակն է ու վստահաբար քիչ չէ թիւը այն ամերիկացիներուն, որոնք պատրաստ են ամէն գնով պաշտպանել իրենց թեկնածուի յաղթանակը։

Այս բոլորէն անդին, սակայն, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ դիմագրաւել մի քանի կարեւոր խնդիրներ, որոնց ամենամեծը քորոնաժահրի համաճարակով ստեղծուած տագնապն է։ Սա միայն առողջապահական տագնապ մը չէ, այլեւ՝ ունի բազմապիսի երեսակներ, որոնց մէջ ալ մեծ տեղ կը գրաւէ երկրէն ներս փլուզում եւ նահանջ ապրած առողջապահական ոլորտի վերականգնման հիմնախնդիրը։

Թրամփ իշխանութիւնը պիտի թողէ ոչ-նախանձելի պատկերով մը, մանաւանդ երկրի արտաքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ, որ նաեւ ինչ-որ չափով եւ ինչ-որ տեղ պատճառ դարձաւ զանազան ուղղութիւններով «մեծխօսիկութիւն» դրսեւորած անոր պարտութեան։

Հիմա կը ծագի հարց մը, թէ ի՛նչ մօտեցումներով եւ ինչ արահետներու օգնութեամբ Պայտըն պիտի գծէ իր սպասուած «ճանապարհային քարտէս»ը, որ պիտի դառնայ այդ երկրի, այդ գերտէրութեան համար կարեւորագոյն աշխատանքային-սեւագիր մը։

ԳԼԽԱՒՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳԸ ԻՐԱՆՆ Է

«Ալ Մայատին» կայանի նախկին վերլուծաբան Սամի Քլէյպ, որ ունի հազարաւոր հետեւորդներով «YouTube»ի ալիք մը, օրեր առաջ կարճ տեսագրութիւն մը թողարկելով պատմեց Ճօ Պայտընի քաղաքական անցեալի մասին ու ներկայացուց անոր անցած փուլերը, ձեռքբերումներն ու նոյնիսկ ձախողումները։ Քլէյպ, որ մեծապէս քաջածանօթ է արաբական եւ իսլամական աշխարհի քաղաքական իրավիճակին, այսօր առկայ կացութիւնը գնահատելով նկատել տուաւ, որ նոյնիսկ Չինաստանի հետ որոշ համաձայնութեան մը հասնելէ առաջ Պայտընի վարչակարգին համար կարեւորագոյնն է Իրանի հիմնահարցը։ Բացի դրական յոյսեր ներկայացնելէ, ան շեշտադրեց, որ բոլոր առումներով անհնար է, թէ Պայտընի վարչակարգը որդեգրէ Թրամփի պաշտօնավարման շրջանի մօտեցումները։ Այլ խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակարգը ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի կարողանայ նոր էջ մը բանալ Իրանի հետ։  

Յստակ է, որ Իրան պատրաստ է ամէն գնով ընդունելի պայմաններով կորիզային նոր համաձայնութիւն մը ստորագրել կամ յոռեգոյն պարագային վերակենդանացնել 2015 թուականին գոյացած համաձայնութիւնը, որ մասնաւորապէս Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք անտեսուեցաւ եւ մէկ կողմ դրուեցաւ, բայց զարմանալիօրէն «աղբաման» չնետուեցաւ։ Սա ի՞նչ կը նշանակէ։ Անշուշտ սա կը նշանակէ, որ գերտէրութեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի գլխաւոր դերակատարներէն Իրանի հետ համաձայնութիւն մը կնքելու կարելիութիւնները տակաւին չեն սպառած։ Իսկ ինչո՞ւ կարեւոր ու կենսական է Իրանի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու այլընտրանքը, այդ մասին կարելի է գրել այլ առթիւ։

«ՃՈԽ ԵՒ ԱՐԿԱԾՆԵՐՈՎ» ԼԻ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

78 տարեկան Ճօ Պայտըն Սպիտակ տուն պիտի մտնէ «ճոխ եւ արկածներով» լի կեանքէ մը ետք… Բաւական խնդրայարոյց վէճերէ եւ, ի մասնաւորի, հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի իր պարտութիւնը մերժելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու լրատուական միջոցները յայտարարեցին Ճօ Պայտընի յաղթանակը՝ որպէս ԱՄՆ-ի նախագահ։ Պայտըն յաղթանակէն ետք իր «Twitter»ի էջին վրայ գրեց. «Սիրելի ամերիկացիներ, ինծի համար պատիւ է, որ զիս ընտրեցիք՝ որպէս նախագահ այս մեծ երկրին: Մեզի կը սպասէ ահռելի աշխատանք, բայց կը խոստանամ ըլլալ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը»:

Տէլուէր նահանգի զաւակ, դեմոկրատական Պայտըն, դառնալով Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահը՝ եղաւ երկրի ընտրուած ամենատարեց ղեկավարը: Ան 78 տարեկանին պիտի կատարէ նախագահական երդումը, որ տեղի պիտի ունենայ 20 յունուարին:

Պայտըն երբ ընդունեց ըլլալ իր կուսակցութեան թեկնածուն, յատուկ կարեւորութիւն տուաւ քաղաքավարութեան՝ ակնարկելով Թրամփի անքաղաքավար վարքին եւ յայտարարեց «պիտի ըլլամ լոյսի դաշնակիցը եւ ոչ խաւարի»։ Պայտըն ինքզինք կարող կը զգայ փրկելու քորոնաժահրէն յոգնած իր ժողովուրդը եւ ի վերջոյ երկրին մէջ կայունութիւն հաստատելու՝ Թրամփի փոթորկալից շրջանէն ետք:

Պայտըն քաղաքանութեան ասպարէզ նետուած է երիտասարդ տարիքին: 1972-ին Տէլուէր նահանգի ներկայացուցիչն էր Ծերակոյտին մէջ 36 տարի շարունակ՝ մինչեւ 2009-ը, երբ դարձաւ Պարաք Օպամայի ղեկավարման շրջանի փոխ-նախագահը մինչեւ 2017-ը:

Թրամփ փորձեց ներկայացնել Պայտընի փորձառութիւնը իբր քաղաքական խոչընդոտ, որ ան պիտի դառնայ դեմոկրատական կուսակցութեան «ծայրայեղ ձախակողմեան»ի խաղալիքը: Սակայն քորոնաժահրի համավարակը առիթ տուաւ Պայտընին քննադատելու Թրամփը, որ անկարող ըլլալով դիմագրաւելու համաճարակային տագնապը, մեծ վնասներ հասցուց Ամերիկայի տնտեսութեան ու ստեղծեց անգործութիւն: Պայտըն նախքան թեկնածութիւն դնելը՝ ըսած էր. «Մենք պայքարի մէջ ենք այս երկրի ոգիին համար: Եւ եթէ Թրամփ վերընտրուի, պիտի փոխէ այս ժողովուրդի ինքնութիւնն ու հոգին առյաւէտ. ես չեմ կրնար պարզապէս դիտորդ մը ըլլալ այդ մէկուն»:

Պայտըն փոխ-նախագահ ընտրեց ծերակուտական Քամալա Հերիսը, որ դուստրն է գաղթականներ՝ ճամայքացի հօր եւ հնդիկ մօր։ 56-ամեայ թխահերը եղաւ Ամերիկայի նախագահական ընտրարշաւին մասնակցող ասիական արմատներով առաջին կինը:

Պայտըն 1988 եւ 2008 թուականներուն ալ փորձեց դնել իր թեկնածութիւնը, սակայն յանգեցաւ ձախողութեան: 1988-ին ստիպուեցաւ քաշուելու, երբ զինք ամբաստանեցին, որ բանագողցած է Բրիտանական Բանուորներու կուսակցութեան առաջնորդ Նիլ Քինոքի խօսքերը: Իսկ 2008-ին՝ որեւէ աջակցութիւն չստանալով քաշուեցաւ եւ աւելի վերջ  դարձաւ Օպամայի փոխ-նախագահը: Այս տարի կուսակցութիւնը յօժարած էր, շնորհիւ քուէարկող սեւամորթ քաղաքացիներու։

Պայտըն, յայտնի է իր ծայրայեղ անկեղծութեամբ եւ լեզուական սայթաքումներով։ Ան յաճախ կը շեշտէ ամերիկեան միջին խաւի պատկանած ըլլալու իրողութիւնը։ Օպամայի շրջանին ան կրցած է լուծել պատերազմական, արտաքին գործերու, նաեւ ներքին առումով՝ զէնքի սահմանափակման հարցերը: Բայց Օպաման միշտ համաձայն չէ գտնուած Պայտընի հետ։ Օրինակ՝ 2011 թուականին, Ուսամէ պին Լատինի վրայ յարձակման հրահանգին դէմ եղած է Պայտըն:

Պայտընի կեանքը, քաղաքական յաջողութիւններուն զուգահեռ, լի եղած է ընտանեկան դժբախտութիւններով: Ան կորսնցուցած է իր առաջին կինը՝ Նիլիան եւ 13 ամսական դուստրը ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով: Որոշած է խնամել իր երկու տղաքը, սակայն չէ կրցած ձգել քաղաքականութիւնը: Դժբախտաբար իր որդին 46 տարեկանին մահացած է քաղցկեղի պատճառով, իսկ երկրորդը՝ հարցեր ունեցած է թմրանիւթերու առընչութեամբ: Պայտըն ուղեղային անօթներու հետ կապուած առողջական հարցեր ունեցած է 1988-ին:

Ան ծնած է Փենսիլվենիա նահանգի Սեքրանթըն բանուորական քաղաքը։ Աւագն է չորս եղբայրներու եւ մէկ քրոջ: Աւելի ուշ ընտանիքը փոխադրուած է Տէլուէր: Մանկութեան տարիներուն եղած է կակազ, սակայն այդ խնդիրը յաղթահարած է հայելիի առջեւ բանաստեղծութիւններ կարդալով: Երկու տարի Տէլուէրի տեղւոյն խորհուրդի անդամ ըլլալէ ետք 1972 թուականին եղած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ: Հակառակ երկու կուսակցութիւններու թշնամութեան, Պայտըն միշտ հաւատացած է անոնց համագործակցութեան։ Ան յայտնի է իր գործակցութեամբ հանրապետական գործընկերներուն հետ: Շատ մը հանրապետականներ նոյնիսկ աջակցեցան Պայտընին, Թրամփը չընդունելու նպատակով:

Ծերակոյտի մէջ Պայտընի ամենէն մեծ ձեռքբերումը եղած է ընտանեկան բռնութեան եւ կիներու պաշտպանութեան 1994-ի օրէնքը: 2003-ին կողմ քուէարկած է Իրաքը նուաճելու որոշումին, աւելի վերջ, սակայն, քննադատած՝ Ճորճ Պուշի պատերազմական վիճակի կառավարումը:

1991-ին Ծերակոյտի Դատական յանձնաժողովի նախագահ եղած շրջանին ենթարկուած է քննադատութիւններու՝ Քլարինս Թոմասի դէմ մեղադրանքի հարցով: Թոմաս այն ատեն թեկնածու էր Գերագոյն դատարանին միանալու եւ իր օգնականը՝ Անիթա Հիլ զինք մեղադրած էր սեռական ոտնձգութիւններով: Այդ շրջանին ամբաստանեցին Պայտընը, որ չէր պաշտպանած Անիթա Հիլը: Այն ժամանակ դատական նիստերը նոյնիսկ հեռատեսիլներէն սփռուեցան, բայց Թոմաս նշանակուեցաւ Գերագոյն դատարանի անդամ:

Ի դէպ, Պայտընի դէմ այս տարուայ մայիսին նմանօրինակ մեղադրանք ուղղուեցաւ, երբ Թարա Ռիտ, որ Պայտընի մօտ աշխատած էր շուրջ տասն ամիս, մեղադրեց զայն իրեն նկատմամբ սեռային բռնութիւն բանեցնելու համար 1993 թուականին: Ռիտ այն ութ կիներէն էր , որոնք ըսած էին, թէ Պայտըն անպատշաճ ձեւով մօտեցած է իրենց: Բայց միայն Ռիտն էր, որ 2019 թուականին բարձրացուց մեղադրանքը: Պայտըն անմիջապէս հերքեց ու ըսաւ. «նման բան երբեք չէ պատահած»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020