ԵՐԵՔ ՕՐՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Առաւօտ ժամը 05.00-ին, խաւարապատ շրջակայքի մը մէջ երբ առաջին անգամ հանդիպում ունեցայ Թիֆլիզի հետ, արդէն քիչ թէ շատ մտքիս մէջ կային յատկապէս երկու անուններ, որոնցմէ առաջինն էր Սայաթ Նովա կոչեցեալ մեծ երգահանը, որ անուանակիցս եղեր է իր աւազանի անունով, իսկ երկրորդը՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ կոչեցեալ Յովհաննէս Թումանեանը։

«ՔԻԶ ԻՆՁՆԻՑ Ո՞Վ ԿԱՆԱՅ ԽԸԼԻ` ԱՇՈՒՂԻ ԲԱՍՆ ԻՍ, ՔԱՄԱ՛ՆՉԱ»

Թիֆլիզի մէջի մեր առաջին կայանը եղաւ Առաջնորդարանիստ Ս. Գէորգ եկեղեցին, որուն համալիրին մէջ կը գտնուի Սայաթ Նովայի շիրիմը։ Գիտնալով հանդերձ որ հոն էր պատուական հաւատացեալին շիրիմը, օդը մութ ըլլալուն չկրցայ առաջին պահուն այցելութիւն շնորհել։ Սպասման ժամանակ սակայն, առիթ եղաւ, որ վերյիշեմ Սայաթ Նովայի մասին Պոլսոյ յուշերս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ նշանակութիւն ունէր։ Ո՞ր մէկը ըսեմ, քանի բոլորը իրարմէ տարբեր իմաստներով զեղուն են. Ազգային Կեդրոնական վարժարանի մէջ հայերէն դասին երգած «Քամանչա»ս, թէ ոչ՝ երաժշտութեան դասի մէջ պրն. Յակոբ Մամիկոնեանի հետ միատեղ մեր աշխատած Սայաթ Նովայի երգերը, եւ կամ՝ սիրեցեալ հոգեւոր եղբայր Տ. Տրդատ Ա. Քահանայ Հօր Սայաթ Նովայի հանդէպ յատուկ սէրն ու իր երգած երգերը։ Բառերը նոյնիսկ արտասանելու դժուարութիւնը կ՚ունենայինք եւ իմաստը հասկնալ իսկ այնքան դիւրին չէր։ Սակայն, քամանչայէն ճառագայթող երաժշտական հոգին կը հասնէր մեր սրտերուն եւ պատճառ կը դառնար, որ երգը ներթափանցէ մեր հոգիներէն ներս։ Բազում յիշատակներ երեւակայել կու տային Սայաթ Նովային սէրը հանդէպ՝ քամանչայի, որ կարող էր տխուր սիրտերը խնդացնելու եւ երաժշտութենէն հմայուած անձանց ըսել տալու՝ «ապրի կատարողը»։  

«Շատ տըխուր սիրտ կու խընդացնիս, կու կըտրիս հիվընդի դողըն, Յիփ քաղցըր ձայնըդ վիր կ՚օնիս՝ բաց կու՚լի հիդըդ խաղողըն. Խալխին էս իլթիմազն արա՝ ասին. «Ա՛պրի քու ածողըն»: Քանի սաղ է Սայաթ-Նովէն, շատ բան կու տեսնիս, քամա՛նչա»:

Ժամանակը տակաւ առ տակաւ անցաւ եւ արեւածագին յաջորդող պահուն առաջին գործս եղաւ Սայաթ Նովայի շիրմին մօտենալ եւ քիչ մը խոկալ։ Արժանի է Սայաթ Նովայի շիրիմը, աղօթքի առընթեր խոկման վայր ըլլալու, քանի այցելուներուն փոխանցելիք պատգամ մը ունի քամանչային այնքան սիրահար եւ նոյնքան հաւատքին փարած Սայաթ Նովան եւ կամ Ս. Ստեփանոս Քահանան։ Յովհաննէս Թումանեանի գրիչով «գեղեցիկ ձեւ մէջ մշտական հուր հոգի մըն է ան, ազնիւ մը եւ լիքը սիրտ, հարազատ հզօր շունչ մը, որ մեր աշխարհի հարազատ շունչի նման միշտ խաղալու է Կովկասի ժողովուրդներու վրայ…»։ Եւ կամ հաւատացեալ Քրիստոնեայի տիպարներէն է ան, որուն «Չըխմանամ Քլիսադան, դոնմանամ Իսադան» խօսքը սերունդներ կրկնելով կրկնեցին եւ յիշատակեցին Աստուծոյ ծառայ՝ Սայաթ Նովան։

Շիրիմին վրայ մետաղեայ տառերով քանդակուած էին Սայաթ Նովայի նշանաւոր տողերէն «Ամէն մարդ չի կանայ խըմի՝ իմ ջուրըն ո՛ւրիշ ջըրէն է. Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ՝ իմ գիրըն ո՛ւրիշ գըրէն է. Բունիաթըս աւազ չիմանաս, քարափ է, քարուկըրէն է»։ Ահա արդէն իսկ կը խոկայի այս տողերուն վրայ, ամէն մարդ չի կրնար խմել իմ ջուրէս եւ ամէն մարդ չի կրնար կարդալ իմ գիրս ուրիշ գիր է։ Որքա՜ն խորհրդաւոր ձեւով արտայայտուեր է Սայաթ Նովան, որ իր շիրիմը այցելող անձինք կը մտածեն զգալի տարբերութեան մասին։ Այս այն տարբերութիւնն է, որ ո՛չ միայն սոսկ գրական եւ կամ գեղարուեստական ճաշակէ մը կը բխի, այլ այն տարբերութիւնը՝ որ է «Կեանքի Ջուր»ին եւ «Կենաց Սուրբ Գիրք»ին տեղեակ ըլլալ։ Հետեւաբար 18-րդ դարու սկիզբը ծնած Սայաթը մօտաւորապէս 80-ական տարիքին կը վախճանի որպէս Տ. Ստեփանոս, յիշատակուելով որպէս վասն հաւատոյ Քրիստոսի իր կեանքը ընծայաբերած հաւատարիմ եւ իմաստուն հոգեւորական։ Հետեւաբար սոսկ գերեզման մը պէտք է ընդունուէր այս վայրը։ Ուստի խաչակնքեցի, Տէրունական աղօթք արտասանեցի եւ յաջորդաբար ի խորոց սրտի աղօթեցի ըսելով. «Ո՜վ պատուական վկայ Քրիստոսի, դուն բարեխօս եղիր բոլորիս Տիրոջը՝ Քրիստոսի մօտ»։ Անշուշտ, թէ մեծ երգահանի, բանաստեղծի մասին գիրեր, գիրքեր, հատորներ լոյս տեսեր են 200 տարիներու ընթացքին, սակայն այս այցը առիթ եղաւ որ, Սայաթ Նովային ծնունդ տուած Թիֆլիզի մէջ շնչեմ Սայաթ Նովան ու մտածեմ եւ ներշնչուիմ Սայաթ Նովայով։

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ ԶԱՒԱԿ՝ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԼՈՌԵՑԻՆ

Սայաթ Նովայի օրհնալի ներկայութենէ բաժնուելէ յետոյ, ուղղուեցանք դէպի՝ Պանթէոն, ուր կը գտնուի Ամենայն հայոց փանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի գերեզմանը։ Թիֆլիզի մէջ բազմաթիւ գրական  դէմքերու մօտ, կարծէք կ՚առանձնանար Թումանեանը, Նովայէն մօտաւորապէս 100 տարիներ յետոյ ի յայտ եկած մեծ բանաստեղծը, որ սեռած էր հոգեւորականի ընտանիքէ։ Նախապէս աճիւնները կը գտնուէին Խոջիվանքի գերեզմանատան մէջ, սակայն ժամանակօք գերեզմանը աւերուած ըլլալուն, Թումանեանի գերեզմանը տեղափոխուած էր Հայ գործիչներու նորաստեղծ պանթէոն։ Այստեղ կը վերյիշէի այն հետաքրքական դէպքը, թէ Թումանեանի վախճանումէն յետոյ, իր բազմաթիւ զաւակներէն մին՝ Արեգը, Թումանեանի սիրտը կը տանէր իր մօտ եւ տարիներ շարունակ կը պահէր այս սիրտը. «Ես մի քայլ արեցի… ես հայրիկի սիրտը գողացայ։ Ճիշտ ա, պէտք է շատ յանդուգն լինել, որ գողանալ էն սիրտը, որ գրկում էր ամբողջ աշխարհը, պէտք է շատ իրեն կորցնել, որ մօտ գալ, բայց իմ սիրտը չդիմացաւ։ Գողացայ։ Գուցէ մեղադրում ես։ Ոչինչ։ Թող իմ սուրբ հօր սիրտը լինի մեր տանը։ Ճիշտ ա, նա չի բաբախում, բայց չէ՞ որ նա մեզ հետ ա ապրել, չէ՞ որ հայրիկը ամբողջ սրտի մէջ ա, եւ հայրիկի սիրտը պէտք է մեր տանը լինի...»։

Թիֆլիզի հետ նոյնացած անուններէն Թումանեանի շիրմին երկիւղով ու հիացմունքով մօտեցայ։ Պանթէոնը այնպիսի վայր մըն էր, ուր ամէն տեղ կանանչութիւն եւ անձայն մթնոլորտին մէջ հանճարեղ անձինք իրենց շիրիմներուն մէջէն կը պատգամէին ամենայն խորհրդաւորութեամբ։ Թումանեան ալ այնպիսին էր, որ փոքրիկ շիրմաքարի մը վրայ արձանագրուած «Յովհաննէս Թումանեան» անունը բաւ էր, որ կանգ առնէինք այդ վայրին մէջ եւ իր հանճարին եւ իտէալին մասին խոկայինք։ Հայկական ամէն ինչի կապուած Թումանեան, յատկապէս սիրահարուած էր իր լեզուին, որուն մասին արտայայտուած ժամանակ իսկ, հայկական բառամթերքով զարդարած էր իր պատգամախօս կեանքը. «Լեզուն է ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային գոյութեան եւ էութեան ամենախոշոր փաստը, ինքնուրոյնութեան ու հանճարի ամենախոշոր դրոշմը, պատմութեան ու հեռաւոր անցեալի կախարդական բանալին, հոգեկան կարողութիւններու ամենաճոխ գանձարանը, հոգին ու հոգեբանութիւնը»։ Անձայն մթնոլորտին մէջի հովուն սուլիչը կարծէք կ՚ազդարարէր բոլորս, որպէսզի չմնայինք պարզ այցելուներ եւ ստանայինք մեր պատգամը կենսական։ Պահ մը մենք ալ հետեւելով այս խորհրդաւոր մթնլորտի շունչին, դիտեցինք շիրիմը եւ յաջորդաբար հանգստեան աղօթքով յիշատակեցինք Յովհաննէս Թումանեանը, երգելով «Եկմալեան Հայր մեր»ը, նկատի ունենալով, որ Թումանեանի շիրմին մօտ կանգնած էր Մակար Եկմալեանը։

Պանթէոնի խորհրդաւոր միջավայրին մէջ երբ շրջեցանք քիչ մը, յաջորդիւ Թումանեանի մասին առաւել եւս զգացական դառնալու ճանապարհը բացուեցաւ մեր առջեւ։ Առաջնորդուեցանք դէպի Թումանեան տուն-թանգարան, ուր եղած էր անցեալին Յովհաննէս Թումանեանի բնակարաններէն մին։ Կառոյցը Վրաստանի Հայոց Առաջնորդութեան հոգածութեան առարկայ դարձած էր եւ ներկայիս որպէս յուշավայր կը դիմաւորէր իր այցելուները։ Բարձրադիր տան ամենէն վերի յարկը մինչեւ որ բարձրացանք, արդէն ամէն մի քայլ առաւել եւս հետաքրքրութիւն կ՚առթէր մեր մօտ։ Ի վերջոյ հասանք տունը եւ այցելութեան եկած հիւրի մը նմանութեամբ մուտք գործեցինք եւ կարծէք Թումանեան իր աշխատասենեակէն դուրս ելլելով մեզ պիտի դիմաւորէր ու բարի գալուստ մաղթէր։ Տունը ընդարձակ էր, իր սրահով ու աշխատասենեակով, սակայն այս բոլորին մէջ աշխատասենեակն էր ամենէն հետաքրքրականը, քանի գոյքերն իսկ պատմական էին մնացած՝ Թումանեանէ։ Պահ մը անարժանաբար նստայ իր աթոռը եւ սեղանին սուզուեցաւ մտածումներս եւ խորհեցայ, թէ այդ սեղանին վրայ ինչպիսի՛ բանաստեղծութիւններ գրի առնուած էին, ո՛ր քերթուածը այդ սենեակի այս սեղանին վրայ գրի առնուած էր։ Պատմութիւնը որ հակիրճ ձեւով լսեր էինք Թումանեանի, ահա այդ պահուն ուղղակիօրէն իր շունչով ու զգալի ներկայութեամբ խոնարհօրէն կը քաշքշէր։ Ահա, նոյն սեղանին դիմաց կը գտնուէր աթոռակ մը, որուն վրայ հաւանական է, որ նստած ըլլար Մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, երբ եղբայրական ջերմ հանդիպում կ՚ունենար Թումանեանի հետ։ Ուստի, այդ սենեակը ո՞վ գիտէ որ բանասիրաց, որ հոգեւորականաց, որ մտաւորականներու հիւրընկալ դարձած էր։ Գիրքերու մէջ ընթերցուած անունները, մի գուցէ այդտեղ հետք թողած էին եւ այս այցելութիւնը առիթ կը դառնար, որ անոնք միանային սենեակի կլիմային։

Յաջորդաբար անցանք տան մեծ դահլիճը, որ անցեալին Թումանեանի հիւրընկալութեամբ գեղարուեստական միջոցառումներու, հանդիպումներու վայր դարձած էր։ Ներկայիս եւս պատմական դաշնակ մը անկիւնը դրուած սենեակը կը շարունակէր մնալ միջոցառումներու սրահ։ Բաց աստի, սրահին մէջ կը գտնուէին գոյքեր եւ գիրքեր, որոնք սրահը առաւել եւս կը դարձնէին վկայարանի մը, որուն մէջ ընտանեկան պարզ գոյքերուն մէջէն կը խօսէր պատմութիւնը։ Ապա անցանք այն պատշգամը, որուն մէջ աթոռակի մը վրայ նստած Յովհաննէս Թումանեան կը դիտէր դիմացի կանանչութիւնը, բնութիւնը եւ կը գրէր ու կը գրէր։ Այսօր չկային անցեալի բնութիւնը, կանաչութիւնները եւ շրջակայքը տուներով լեցուն էր, սակայն եւ այնպէս, յայտնեցի, թէ աշխատասենեակը բնականոն ձեւով պահուած էր։ Ամէն ինչ բնական, տակաւին երէկ գիշեր Թումանեանը այդտեղ ապրածի պէս։ Կարծէք Թումանեաններու տունը հիւրութեան գացեր ենք ու ան այդտեղ սուրճ մը հրամցուցեր է մեզի։ Հետեւաբար, այս կարճատեւ այցով պատմութիւնը ցնցեց բոլորս եւ քաջատեղեակ դարձանք, թէ՝ Թիֆլիզը ինչպէս ընդելուզուած էր հայութեան գրականութեան։

Այցելութիւնը երբ աւարտին հասաւ, արդէն իսկ կարճ ժամանակի մէջ յատկապէս երկու հսկաներուն անունները այլեւս անուն պիտի չմնային մօտս։ Առաջին առիթով այսքանը իսկ բաւ եղաւ, որ մեծ ներշնչանքի աղբիւր դառնայ Պոլսոյ եւ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ մնացած երրորդ օրրանը։ Թերեւս Սայաթ Նովայի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւնները հասկնալու մէջ պիտի ունենամ դժուարութիւններ, սակայն այս քաղաքը նուիրեց առաւելութիւն մը, որ է տեսնել՝ թէ Սայաթ Նովան ու Յովհաննէս Թումանեանը տակաւին կ՚ապրին Թիֆլիզի մէջ եւ տակաւին կը ներշնչեն բոլոր հետաքրքիր այցելուները։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

22 նոյեմբեր 2021, երկուշաբթի
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

•շար. երէկի թիւէն եւ վերջ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021