ՆԱ՛Խ ՍՈՉԻ, ՅԵՏՈՅ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ պիտի մէկտեղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Քրեմլինի աղբիւրները երէկ այս լուրը յայտարարեցին եւ աւելի վերջ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաստատեցին մօտալուտ եռակողմանի գագաթաժողովին վերաբերեալ տուեալները։ Մոսկուայէն հաղորդուեցաւ, որ մօտալուտ տեսակցութեան ընթացքին երեք ղեկավարները պիտի նախանշեն Լեռնային Ղարաբաղի կայունութիւնը ամրապնդելու եւ խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղեալ ապագայ քայլերը։ Անոնք յատուկ ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնեն առեւտրատնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու վերականգնման վերաբերեալ հարցերը։ Սոչիի մէջ եռակողմանի հանդիպման առընթեր, Վլատիմիր Փութին առանձնազրոյցներ ալ պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Աւելի առաջ յայտարարուած էր, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ 15 դեկտեմբերին հանդիպում մը պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ, ուր պիտի գտնուին Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովին առթիւ։ Այժմ արդէն յայտնի դարձած է, որ Պրիւքսելի այդ եռակողմանի հանդիպումը պիտի կանխուի Սոչիի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովով։ Այսինքն, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շրջանին իրերայաջորդ հանդիպումներ պիտի ունենան։ Սոչիի մէջ նախատեսուածը Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի արդէն երկրորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ։ Պատերազմէն անմիջապէս վերջ անոնց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ։ Հիմա երկրորդն ալ ռուսական կողմի տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ։ Պիտի յաջորդէ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուածը՝ դեկտեմբերի 15-ինը, որու միջնորդն է Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։ Պրիւքսելի տեսակցութիւնն ալ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ երկու ղեկավարներու արդէն երրորդ ժամադրութիւնը պիտի ըլլայ։

Դիւանագիտական այս երթեւեկին ընդառաջ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ակնյայտ տարածքային նկրտումներ կը ցուցաբերէ Հայաստանի դէմ, սակայն երկիրը հարկադրանքի տակ պիտի չգործէ՝ հնարաւոր բոլոր լծակները օգտագործելով։

Երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն։ Օրակարգի հրատապ գրեթէ բոլոր խնդիրներուն անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետը, որ տեղեկացուց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներուն ընթացքին կորսուած 24 հայ զինուորները արդէն գերեվարուած են։ Փաշինեան անդրադարձաւ այն պնդումներուն, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը միջանցք կու տայ Ատրպէյճանին եւ կամ կու տայ Սիւնիքի մարզը։ «Եթէ այդպիսի բան մը ըլլար, ապա կրակոցները չէին հնչեր։ Մենք շահագրգռուած ենք տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու բացումով», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ աշխատանքային մակարդակի վրայ Պաքուէն երբեք միջանցքի արտայայտութիւն չէ հնչած։

Պատասխանելով հարցումներուն՝ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման ապագայ գործընթացին շուրջ։ Ըստ իրեն, Սովետական Հայաստանի քարտէսներով առաջնորդուիլը անհրաժեշտ է այս փուլին։ Երեւանի այս համոզումը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախացած է Սովետական Միութենէն, Սովետական Հայաստանի սահմաններով եւ միջազգային հանրութիւնն ալ այդ նոյն սահմաններով ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը։ Ըստ Փաշինեանի, սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին շուրջ ռուսական կողմի նոր առաջարկը էական տարբերութիւն մը չունի նախկինէն։ Բաց աստի, Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու շփումներու յաճախականութիւնը։

Հայաստանի վարչապետը երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակ մը ստեղծելու առաջարկին, ինչ որ այս շրջանին յաճախակիօրէն օրակարգի վրայ կու գայ։ Փաշինեան այս կապակցութեամբ կրկնեց Երեւանի կողմէ նախապէս բարձրաձայնուած տեսակէտը, ըստ որու այդ ձեւաչափը պէտք չէ կրկնէ արդէն գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2021