ԴԻՒՐԱՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Թուրքիա գաղթի եւ անվտանգութեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան ժողովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին Թուրքիան ներկայացուց ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան, իսկ Եւրոմիութիւնը՝ Եւրոյանձնաժողովի ներքին գործոց ու գաղթի կոմիսար Իլվա Եոհանսոն։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին հերթական անգամ օրակարգի վրայ եկաւ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու Շենկենի գօտի մուտքի արտօնութիւններու դիւրացման հարցը։ Վերջին շրջանին Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները դժուարութիւններու կ՚ենթարկուին վիզա ստանալու ուղղութեամբ։ Ուստի, թրքական կողմը հերթական անգամ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւրոպական կողմին ներկայացուց՝ մուտքի արտօնութիւններու դիւրացման ուղղեալ պահանջը։

Վիզաներու հարցին մէջ Թուրքիա խնդրին վերջնական լուծումը այս փուլին կը պատկերացնէ փուլ առ փուլ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները մուտքի արտօնութիւն ստանալէ զերծ կրնան մնալ՝ 72 չափանիշի բաւարարման պարագային։ Այդ չափանիշներէն 6-ը տակաւին չէ լրացուած։ Եւրոպական կողմը չի թաքցներ, որ նախքան այդ չափանիշներու յարգուիլը կողմնակից չէ այս ուղղութեամբ քայլ մը առնելու։ Իսկ թրքական կողմը յառաջ կը քշէ՝ մինչեւ այդ գործընթացին աւարտը վիզաներու ընթացակարգի դիւրացման պահանջը։

Պրիւքսելի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին գաղթի խնդիրներն ալ խոշորացոյցի տակ դրուած են բոլոր չափումներով՝ ներառեալ 18 մարտի համաձայնութեան տարրերը։ Այս համաձայնութիւնով կը նախատեսուի Յունաստանի կղզիներէն առնուելիք իւրաքանչիւր սուրիացիի փոխարէն՝ Եւրոմիութեան անդամ երկրի մը մէջ տեղակայել Թուրքիոյ մէջ ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ առնուած սուրիացի մը։ Եւրոպական կողմը Աթէնքի յամառ դիրքորոշման բերումով այս եզրի վերակենդանացման պահանջը դարձուցած է կիզակէտային։ Իսկ Թուրքիան միշտ զգալի կը դարձնէ իր անհանգստութիւնը՝ իր մօտ գտնուած սուրիացիներու վերաբնակեցման ու տեղափոխութեան շրջանակէն ներս գործնականութեան անբաւարարութեան բերումով։ Սա Եւրոմիութեան խոստումներէն մին է։ Անգարա կը շեշտադրէ նաեւ, որ շրջանառութեան մէջ պէտք է դնել՝ գաղթի պատճառները վերացնելու ուղղեալ աշխատանքներն ու նախազգուշական միջոցները։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Եւրոմիութիւն կողմնակից են 18 մարտի համաձայնութեան թարմացման։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ Անգարա եւ թէ Պրիւքսել այդ համաձայնութեան տարբեր նիւթերու վրայ կեդրոնանալու հակուած են։ Ուստի, ցարդ որեւէ շօշափելի քայլ առնել հնարաւոր չէ եղած։ Եւրոմիութիւնը կողմնակից է փաստաթուղթը դիտարկելու միայն գաղթի խնդիրներու առանցքով, իսկ մնացեալ տարրերը կ՚անտեսէ, ինչ որ յառաջընթաց արձանագրելու հիմնական խոչընդոտն է՝ թրքական կողմին համոզմամբ։

Միւս կողմէ, Ալի Երլիքայա Պրիւքսելի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան ընդլայնման կոմիսար Օլիվեր Վարհէլյիի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2023