ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԹԵՒԵԿԻ ԱՐԿԱԾ
Իսթանպուլէն դէպի Երեւան ճամբորդող օթօպիւս մը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն արկած անցուց Պոլուի մօտակայքին։ «Ռիչ թուր» ընկերութեան օթօպիւսը առաւօտեան ժամը շուրջ 03.20-ին արկածը անցուց իրենց զուգահեռ ընթացող ուրիշ ինքնաշարժի մը վարորդին անզգուշութեան հետեւանքով։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Պաթումի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ բարեբախտաբար զոհեր չեն եղած այս արկածին հետեւանքով, իսկ երեք հոգի վիրաւորուած է թեթեւ ձեւով։
Արկածէն վերջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն բաղկացեալ ճամբորդները անվտանգ ձեւով տեղափոխուած են Իսթանպուլ։ «Ռիչ թուր» ընկերութեան ներկայացուցիչ Նարեկ Մամուլեան յայտնեց, թէ օթօպիւսը կը վերանորոգուի օրուան մը ընթացքին եւ այդ աշխատանքի աւարտին բոլոր ճամբորդները պիտի տեղափոխուին Հայաստան։