ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Պեռնի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնեց, թէ նախագահներուն հանդիպումը պիտի մօտեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը։
Պան Քի Մուն համոզուած է, որ Պեռնի մէջ տեղի ունեցած նախագահներու գագաթաժողովը երկու կողմերուն հնարաւորութիւն ունեցած է քննարկելու հրադադարի դրութեան խախտումներու եւ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակներէն ներս զոհերու թիւի նուազեցման ուղղեալ գործնական քայլերը, որպէսզի մօտեցնեն խաղաղ գործընթացը։
Պան Քի Մուն ընդգծեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն գործունէութիւնը, որու շրջանակներէն ներս կազմակեր-պըւեցաւ Պեռնի վերջին գագաթաժողովը։ Ընդհանուր քարտուղարը յորդորեց, որպէսզի Պաքու եւ Երեւան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին հետ սերտօրէն համագործակցին լարուծութեան հետագայ թուլացման շուրջ, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ մնան այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կրնան դառնալ նոր բռնութիւններու։
Հարկ է նշել, որ Պեռնի մէջ տեղի ունեցած նախագահներու բանակցութիւններէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան նախընթաց օր յայտարարած էր, թէ այլեւս ըստ էութեան հրադադար գոյութիւն չունի եւ իրենք կը համարեն, որ պատերազմի մէջ են։