ԷԼ ՊԱՊ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ
Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ տարածքէն ներս ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը հասաւ բախտորոշ փուլի մը։ Ըստ վերջին տուեալներուն, ամբողջութեամբ պաշարուեցաւ Էլ Պապ քաղաքը, որու կարեւորութիւնը չափազանց մեծ է ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) տեսանկիւնէն։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները երէկ հերթական լուսաբանութիւններով հանդէս եկան «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքին շուրջ։ Փոխանցուած տեղեկութիւններուն կցուած էին նաեւ տեսանիւթեր։ Այսպէս, Թուրք զինեալ ուժերը սաստիկ ծանր հարուածներ կը հասցնեն ԻՇԻՊ-ին։ Թէ՛ ցամաքէն եւ թէ օդէն կը կատարուին սաստիկ ռմբակոծումներ։ Երէկ ԻՇԻՊ-ի հրամանատարական շէնքը ոչնչացուեցաւ բանակին կողմէ։ 18 ահաբեկիչ չէզոքացուեցաւ եւ անոնց շարքին կը գտնուին ԻՇԻՊ-ի բարձրաստիճան պարագլուխներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ հաստատեց, որ Էլ Պապ քաղաքը պաշարուած է ամբողջութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա մէկէ աւելի ճակատներու վրայ պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան դէմ։ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները քննարկեցին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովի դէմ գործուած մահափորձի հետաքննութեան ընթացքին։
Իր կարգին, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքն ալ երէկ դարձեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «Եփրատի վահան» գործողութեան շուրջ։
Ըստ իրեն, ներկայիս երեք թուրք զինուոր կը գտնուի ԻՇԻՊ-ի ձեռքը։ Նախարարը համոզուած է, որ տարածքաշրջանէ ներս ներկայիս հաւասարակըշ-ռութիւնները կը վերաձեւաւորուին ու բոլորը առաւել պատասխանատուութեամբ պէտք է գործեն՝ որպէսզի Թուրքիա չիյնայ ծուղակներու մէջ։
Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց նաեւ, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը հետապնդէ երեք հիմնական նպատակ։ Առաջին՝ ԻՇԻՊ-ը հեռացնել Թուրքիոյ սահմանի երկայնքէն եւ տարածքաշրջանը ընդհանրապէս մաքրագործել անկէ։ Երկրորդ՝ Սուրիայէն եկած ապաստանեալներուն համար անվտանգ գօտի մը ստեղծել իրենց երկրէն ներս։ Երրորդ՝ վերջ տալ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շառաւիղ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի երազներուն։
Միւս կողմէ, այս օրերուն բովանդակ Թուրքիա ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ «Եփրատի վահան» գործողութեան մասնակցելով Սուրիոյ մէջ նահատակուած զինուորներուն։