ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Հայ մար­զիկ­նե­րը մե­ծա­հա­սակ­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու Եւ­րո­պա­յի եւ աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րուն այս տա­րի նուա­ճած են 170 մե­տայլ, նե­րա­ռեալ 4 ո­ղիմ­պիա­կան։

Ռիօ տէ Ժա­նէյ­րո­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած 31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն՝ 20-ա­մեայ ընդ­մի­ջու­մէ ետք՝ ո­ղիմ­պիա­կան ոս­կին Հա­յաս­տան բե­րաւ յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան: Ո­ղիմ­պիա­կան ար­ծա­թէ մե­տայլ­նե­րու ար­ժա­նա­ցան յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան, ծան­րորդ­ներ Սի­մոն Մար­տի­րո­սեան եւ Գոռ Մի­նա­սեան:

2016-ի մե­ծա­հա­սակ­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կան­նե­րու ան­դամ­նե­րը աշ­խար­հի ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րուն նուա­ճած են 41 մե­տայլ՝ 10 ոս­կէ, 11 ար­ծա­թէ եւ 20 պրոն­զէ: Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րուն հայ մար­զիկ­նե­րու նուա­ճած մե­տայլ­նե­րուն թի­ւը 125 է՝ 37 ոս­կէ, 46 ար­ծա­թէ եւ 42 պրոն­զէ: Մե­տայ­լա­կիր­նե­րուն մէջ են նաեւ հաշ­ման­դա­մու­թիւն ու­նե­ցող 7 մար­զիկ­նե­ր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016