ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րու հա­մար Ս. Ծննդեան խրախ­ճանք մը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ա­ւան­դա­կան մէկ­տե­ղու­մը։  Ստո­րեւ կը ներկա­յաց­նենք Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։

Ա­րեւմ­տեան Թե­մը իր սկսած գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լով, Դեկ­տեմ­բե­րի 9-ին, Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Գա­լայ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րուն Ս. Ծննդեան խրախ­ճան­քը։ Այս ձեռ­նար­կին Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րով ներ­կայ գտնուե­ցան Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան, Փա­սա­տի­նա­յի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ Ալֆ­րէտ եւ Մար­կա­րիթ Յով­սէ­փեան, Մեր­տի­նեան եւ «Փոք­րիկ հրեշ­տակ­նե­ր» դպրոց­նե­րուն ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, տնօ­րէն­ներն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րը՝ թի­ւով ա­ւե­լի քան չորս հա­րիւր հո­գի­:

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը սքան­չե­լի կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցին ՀԲԸՄ-ի Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րը, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու եւ բարձր գնա­հա­տու­թեան: Հան­դի­սու­թեան նա­խա­գա­հեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը, ինչ­պէս նաեւ ներ­կայ գտնուե­ցան Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան, Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան եւ Տ. Ե­րե­միա Ա­բե­ղայ Աբ­գա­րեան:

Սրբա­զան Հայ­րը այս ու­րախ ա­ռի­թով ա­շա­կերտ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր ո­գե­ւո­րիչ պատ­գամն ու խրատ­նե­րը՝ դառ­նա­լու հա­մար տի­պար եւ պար­տա­ճա­նաչ ու­սա­նող­ներ: Գնա­հա­տեց տնօ­րէն­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն ազ­գա­նուէր, կրթա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը եւ յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց: Մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Մա­նու­կեան-Տե­միր­ճեան վար­ժա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած վա­յե­լուչ եւ հիա­նա­լի յայ­տա­գի­րը: Իսկ Կա­ղանդ պա­պու­կը իր պա­րե­րով եւ խօս­քե­րով զուար­ճա­ցուց բո­լո­րը:

«Ար­դա­րեւ, Քրիս­տո­սի սէ­րը՝ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը, պարզ բա­ցատ­րու­թեամբ մեր Փրկչին Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Ս. Ծնուն­դով մեր առ­ջեւ բա­ցուած լոյ­սի ճա­նա­պարհն է: Երբ Կը տօ­նախմ­բենք Փրկչին Ս. Ծնուն­դը, ա­պա այդ կը դառ­նայ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ե­րախ­տա­գէտ սրտի մեր զգա­ցում­նե­րուն: Պայ­ման է սա­կայն, որ ան ար­դիւ­նա­ւո­րուի Քրիս­տո­սի Ս. Ծնուն­դով՝ իր նոր ծնուն­դը ապ­րող մեր կեան­քին: Ո­րով­հե­տեւ Յի­սու­սի Ծնուն­դը Աս­տու­ծոյ այցն է մարդ­կու­թեան, որ­պէս ար­տա­ցո­լու­մը իր աս­տուա­ծա­յին ան­սահ­ման սի­րոյն, մար­դը ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար դէ­պի երկ­նա­յի­նը», ը­սաւ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան։

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին հան­դի­սա­կան­նե­րը միաս­նա­բար նա­խա­ճա­շե­ցին, ո­րուն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը սի­րա­յօ­ժար կեր­պով ստանձ­նած էր Տէր եւ Տի­կին Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան ամոլը: Ա­պա գո­հու­նակ սրտով բաժ­նուե­ցան Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016