ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թիֆլիզի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Հերթական այս տեսակցութեան տանտէրն էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի։ Այս ձեւաչափով 8-րդ ժողովի աւարտին Զալքալիանի մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Թիֆլիզի մէջ Չավուշօղլու վերահաստատեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան։ Ըստ իրեն, առկայ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին խաղաղ ճանապարհով։ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ այս եռակողմանի համագործակցութիւնը պիտի խորանայ եւ զօրակցութիւնը օրինակ պէտք է հանդիսանայ տարածքաշրջանի հարեւան երկիրներուն համար։ Այս համագործակցութիւնը նաեւ գետին կը պատրաստէ տարածքաշրջանէ ներս տեւական խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան համար։

Չավուշօղլու ընդգծեց, որ այս երեք երկիրները վճռած են ա՛լ աւելի զարգացնել առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները։ Բնագաւառներու հիման վրայ զարգացման ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին յառաջիկայ շրջանին։ Այս ամբողջին մաս պիտի կազմեն ուժանիւթի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, կըր-թութեան, բնապահպանութեան եւ մշակոյթի ոլորտները։ Թիֆլիզի այս վերջին ժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է այս առումով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019