ՉԵՔԻՃԵԱՆ 91 ՏԱՐԵԿԱՆ

Հայկական երաժշտական աշխարհի երէց սերունդի վաստակաշատ դէմքերէն մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան այս օրերուն կը նշէ իր ծննդեան 91-րդ տարեդարձը։ Նախկին պոլսահայ Յովհաննէս Չեքիճեան, որ Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է, իր տարեդարձին առթիւ կ՚ընդունի շնորհաւորութիւններ։

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանն ալ այցելութեան փութացին Յովհաննէս Չեքիճեանի բնակարանը, ուր իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեցին մաէսթրոյին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019