ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՆԻՍՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները երէկ համատեղ ժողով մը գումարեցին Ստեփանակերտի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւս մասնակցեցաւ համատեղ նիստին։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համատեղ նիստի բացման ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։
Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց երկու անվտանգութեան խորհուրդներու աշխատանքը եւ անոնց համատեղ նիստը։ Այդ աշխատանքը ունի բաւական բարձր որակ։ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի ապագայ ընտրութիւններուն, որոնց վերագրեց նոյնիսկ Հայաստանի ընտրութիւններէն աւելի բարձր նշանակութիւն։ Ըստ իրեն, համայն հայութեան տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Արցախի ընտրութիւններու արդար, օրինակելի եւ թափանցիկ ըլլալը։