ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՅԱՐԱՏԵՒ ՋԱՆՔԵՐ

Մինչ Լաչինի միջանցքը փակ է եւ Արցախը կը շարունակէ շրջափակուած վիճակի մէջ մնալ, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարուած վիճակը յաղթահարելու համար։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Պաքուի կողմէ նախապէս ծրագրաւորուած գործողութիւն մըն է։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները Լաչինի միջանցքի հնարաւորինս շուտ բացման համար կ՚աշխատին իրենց գործընկերներուն հետ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքերի, ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Այս բոլոր շփումներուն ընթացքին Միրզոյեան կարեւորութեամբ կանգ առաւ Լաչինի միջանցքի փակման հարցին վրայ։ Ան Քլաարի նկատառման յանձնեց միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ռիքերի հետ զրուցելու ընթացքին Միրզոյեան յայտենց, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան էթնիք զտման։ Ռոքֆոյի հետ զրուցելու ընթացքին ալ Միրզոյեան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրի հանգուցալուծման վերաբերեալ հարցերու։ Հայկական կողմը կը կարեւորէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք փաստահաւաք առաքելութեան մը գործուղուիլը՝ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններուն համար դէպի Լեռնային Ղարաբաղ անարգել մարդասիրական հասանելիութեան ապահովման համար։

Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան յայտնեց, որ ժամանակն է ճանապարհը բանալու։ Ան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններ պէտք է տեղի ունենան։

Միւս կողմէ, դիւանագիտական բանուկ երթեւեկը կը շարունակուի նաեւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022