ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՎԵ՞ՐՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ Արցախի միջանցքի խափանումը Ալիեւի ոխերիմ հայատեաց վերաբերմունքին արտայայտութիւնն է։ Այս միջոցին Արցախն էր, անկէ առաջ Հայաստանը, անկէ առաջ 2020-ի պատերազմին ընթացքին բոլոր պատերազմական յանցագործութիւնները, ռազմագերիներուն դէմ անմարդկային վերաբերումը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գործողութիւնները։ Միջազգային հասարակութեան համար յստակ է՝ մա՛նաւանդ 2020-ի Հայաստանի պարտութենէն ի վեր, որ կայ յարձակող եւ կայ տուժող։ Սեպտեմբերի 13-ի յարձակումը՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, աւելի բացայայտ դարձուց իրողութիւն մը, որ բոլորը գիտէին։ Ատրպէյճանի գործած ոճիրներու առկայութիւնը առարկութիւն չի յարուցեր։ Միջազգային քաղաքական դասն ալ արտայայտուած է, դատապարտած է։ Էհ, յետոյ ի՞նչ։ Ալիեւ նորէն կը շարունակէ, անպատիժ, իր խժդժութիւնները, իր յարձակումները։

Պարտուած երկրի մը վրայ այսքան յարձակում գործել ինքնին յանցագործութիւն է եւ աւելի՛ մեծ յանցագործութիւն է, այս պարագային, գերտէրութիւններու՝ անկարին օգնութեան չփութալը։ Ալիեւը կանգնեցնող չկայ։ Քաղաքակիրթ Արեւմտեան աշխարհին վրայ յոյս դնողները թող բանան իրենց աչքերը. Արեւմուտքէն յոյս չկայ։ Աշխարհը կը խոնարհի Ալիեւին առջեւ։ Հարց տանք, թէ ինչո՞ւ։ Պատասխանը՝ քարիւղ ունի, կազ ունի։ Սակայն այս պատասխանը գոհացուցիչ չէ։ Եւրոպական Միութիւնը, ըսենք, կաշկանդուած է, գերի է Ատրպէյճանի կազին ու քարիւղին։ Հապա ի՞նչ ըսել Միացեալ Նահանգներու պարագային, որ աշխարհի հզօրագոյն ուժն է եւ Ատրպէյճանի ո՛չ կազէն եւ ո՛չ ալ քարիւղէն կախեալ է անոր տնտեսութիւնը։ Ինչո՞ւ պատիժներ չի կիրարկեր, չի սպառնար։ Կը ձգէ, որ Ալիեւ վերստին յարձակի, անմարդկային իր գործողութիւնները շարունակէ։ Ուրեմն, միայն կազն ու քարիւղը չեն խնդիրը, ուրիշ խնդիր ալ կայ։ Խնդրին մէջ թաքնուած ուրիշ խնդիր կայ։ Եւ եթէ պատիժ չկայ, ուրեմն ընդհակառակն՝ քաջալերանք կայ, որպէսզի Ալիեւ շարունակէ իր հրէշային վարքը։ Եւ ինչո՞ւ։

Լաչինի միջանցքը Հայաստանը կը կապէ Արցախին եւ եթէ այդ կապը խզուի, Արցախը ամբողջովին կը մեկուսանայ, կը կղզիանայ եւ կ՚ենթարկուի կա՛մ ամբողջական տեղահանութեան, կա՛մ ալ անոր բնակչութիւնը կը բնաջնջուի ձեռամբ Ալիեւի։ Երկու պարագային ալ Արցախի ոչնչացումը անխուսափելի է։ Եթէ Արցախ ոչնչանայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը ռուս խաղաղապահ ուժերուն։ Պարզ է՝ պիտի դառնան անպէտ եւ տարածքը լքեն։

Ահաւասիկ պարզ ու տրամաբանական պատասխան մը։ Արցախը զոհել ռուս խաղաղապահ ուժերը դուրս բերելու համար։ Եւ ԱՄՆ-ն ու Եւրոմիութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ Ատրպէյճանի կողմնակիցն են, զայն կը գործածեն իբրեւ զէնք՝ Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասէն հեռացնելու համար, իսկ Արցախը՝ իբրեւ կեր։ Հայաստան ու Արցախ զոհն են Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութեան։ Արցախէն ետք կարգը պիտի գայ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխին։ Եւ հաւանաբար անկէ ետք ալ Իրանին, որ այս օրերուն շատ բուռն ներքին ըմբոստութիւններու ենթակայ է։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2022